Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Մեղրիի Ազատ Տնտեսական Գօտիին Մէջ Պիտի Իրականացուին 130-150 Միլիոն Տոլարի Ներդրումներ. Պիտի Ստեղծուի 1500 Նոր Աշխատատեղ

Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Սիւնիքի մարզի Մեղրի համայնքին մէջ ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու, «Մեղրի ազատ տնտեսական գօտի» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը ազատ տնտեսական գօտիի կազմակերպիչ ճանչնալու, ինչպէս նաեւ ազատ տնտեսական գօտիի գործունէութեան վերաբերեալ կազմակերպիչին կողմէ ներկայացուող հաշուետուութեան ձեւերը հաստատելու  նախագիծին:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան նշած է, որ ազատ տնտեսական գօտիին նպատակն է օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու ներգրաւումը, երկրի ներդրումային գրաւչութեան բարձրացումը, արտահանման ուղղուածութիւն ունեցող գործունէութեան խթանումը, արտահանման ծաւալներու աւելացումը, նոր աշխատատեղերու ստեղծումն ու կայուն տնտեսական զարգացման խթանումը:

«Ազատ տնտեսական գօտիի գործառնական տեսակը կը սահմանուի՝ որպէս արտադրա-արդիւնաբերական եւ համեմատական` գիւղատնտեսութեան, մշակող արդիւնաբերութեան, ելեկտրականութեան մատակարարման, մեծածախ առեւտուրի, փոխադրումներու եւ պահեստային տնտեսութեան, մասնագիտական եւ թեքնիքական  գործունէութեան, մշակոյթի, զուարճութիւններու եւ հանգիստի ոլորտներուն մէջ»,- «Արմենփրէս»-ի փոխանցմամբ, ըսած է Կարայեան:

Անոր խօսքով, ազատ տնտեսական գօտին պիտի զարգանայ երկու փուլով` աւարտական փուլին ունենալով 70 հեքթար տարածք: «Գօտիի գործունէութեան արդիւնքով յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուի ներգրաւել 50-70 շահագործող կազմակերպութիւններ, որոնք պիտի իրականացնեն 130-150 միլիոն տոլարի ներդրումներ, պիտի ստեղծուի շուրջ 1500 նոր աշխատատեղ: Արտահանման ծաւալները պիտի կազմեն 350 միլիոն տոլար»,- ըսած է նախարարը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հարցին ի պատասխան` Կարայեան նշած է, որ Դեկտեմբեր 15-ին տեղի պիտի ունենայ բացումը ազատ տնտեսական գօտիին, որու գործունէութեան ժամկէտը 50 տարի է:

Կ’ակնկալուի, որ Սիւնիքի մարզին մէջ ազատ տնտեսական գօտիի գործունէութեան մեկնարկը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ ներդրումներու, միջազգային ընկերութիւններու ներգրաւման, արտահանման խթանման, ԵԱՏՄ, ԵՄ, ԻԻՀ եւ Մերձաւոր Արեւելքի շուկաներուն մէջ հայկական արտադրանքի ճանաչման ու տարածման, ինչպէս նաեւ նոր աշխատատեղերու ստեղծման:

Ծրագրի իրականացման նպատակով ՀՀ կառավարութեան կողմէ հիմնադրուած է «Մեղրի Ազատ Տնտեսական Գօտի» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը: Ընկերութեան 100 տոկոս բաժնետոմսերու փաթեթը կը տնօրինուի «Համահայկական ֆոնտ» փակ ոչ հրապարակային պայմանագրային ներդրումային ֆոնտին կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին