Հայաստանի կառավարութիւնը յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակէ ընկերային աջակցութիւն տրամադրել սահմանամերձ համայնքներուն:
Խորհրդարանը, ըստ «Armenpress.am»-ի, երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Սահմանամերձ համայնքներու ընկերային աջակցութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը:
Նախագիծով կ’առաջարկուի սահմանամերձ համայնքներու ընկերային աջակցութեան մասին օրէնքի գործողութեան ժամկէտը 2018-էն երկարաձգել մինչեւ 2021:
«Սահմանամերձ համայնքներու ընկերային աջակցութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը ընդունուած է 2014-ին: Սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներուն աջակցութիւնը կը տրամադրուի բնական կազի, ելեկտրականութեան, ոռոգման ջուրի` մասնակի եւ հողի հարկի ու գոյքահարկի ամբողջութեամբ փոխհատուցման ձեւով: