Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունուեցաւ Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման Մասին Օրինագիծը

Խորհրդարանը այսօր առաջին ընթերցմամբ ընդունեց  «Ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքի մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին» օրէնքի նախագիծը:

Մինչ քուէրակութիւնը «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Վահէ Էնֆիաջեան նշած է, որ իրենց խմբակցութեան մէջ քննարկումներ տեղի ունեցած են եւ որոշած, որ այս հարցի հետ կապուած պատգամաւորները պիտի քուէարկեն ազատ:

«Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեան ըսած է. «Իմ անձնական տեսակէտը կը յայտնեմ, որ այս օրէնքի վերնագիրը հանգիստ կարելի է դնել ՀՀ օրէնքը` տնաքանդութեան մասին:

Նախագիծը ընդունուեցաւ 73 կողմ, 12 դէմ եւ 6 ձեռնպահ քուէարկութեամբ:

Խորհրդարանը ընդունեց նաեւ շարք մը այլ նախագիծեր, որոնց մէջ են «Հանրագիրներու մասին» օրէնքի նախագիծը, «Սահմանամերձ համայնքներու ընկերային աջակցութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին