Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Կոլտա Մէյըրի Ամենատխուր եւ Ամենաուրախ Օրը

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Կ’ըսուի, որ ժամանակին Իսրայէլի Վարչապետ Կոլտա Մէյըրին հարցուցած են՝ ո՛րն է ձեր  կեանքի ամենագէշ եւ ամենաուրախ օրը: Ան պատասխանած է.- «Իմ ամենագէշ օրս եղած է Երուսաղէմի Աքսայի Մզկիթին հրկիզման օրը, որովհետեւ կը վախնայի արաբական եւ իսլամական հակադարձութեններէն: Ամենաուրախ օրս անոր յաջորդող օրն էր, որովհետեւ ո՛չ մէկ արաբ կամ իսլամ ղեկավար լրջօրէն հակադարձեց»:

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ այս անգամ այլ դերակատարով ու միջոցով: ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ անցեալ Չորեքշաբթի պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Երուսաղէմը ճանչցաւ՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք, հրահանգելով իր երկրին դեսպանատունը փոխադրել այնտեղ:

Վտանգաւոր յայտարարութիւն մը, որ կրնար շրջանը այրելու նախաքայլը ըլլալ: Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ Հինգշաբթի ու անկէ ի վեր կամ ի՞նչ կրնայ պատահիլ:

Ո՛չ մէկ լուրջ հակադարձութիւն: Գոնէ մեզ զարմացնելու համար արաբական կամ իսլամական արտակարգ վեհաժողով մըն ալ չգումարուեցաւ: Մինչ ազդու եւ նպատակայարմար էմպարկոյի դարն ու կամքը, աւա՜ղ, քամիին հետ կորած են՝ (gone with the wind) ըստ երեւոյթին:

Կայանալու սիրոյն կայացաւ Արաբական Լիկայի հապճեպ ժողով մը: Աշխարհի տարածքին եւ բնականաբար Պաղեստինի մէջ պատահեցան կարգ մը կազմակերպուած թէ անկազմակերպ ժողովրդային պոռթկումներ: Դրօշակի հրկիզումներ: Մեծ-մեծ լօզունգներ: «Մա՛հ Ամերիկային, մա՛հ Իսրայէլին» ամուլ կոչեր: Ֆէյսպուքեան գրառումներ եւ պաղեստինեան խորհրդանիշով նկարուած անձնական պատկերներ: Եւ ասանկ բաներ…

Ինծի մտահոգողը այս բոլորին մէջ սիրելի ընթերցող, ի տես միջազգային ընտանիքի լռութեան այն է, որ հակառակ Երուսաղէմին քրիստոնէական խորհրդանշանակութեան, ատենէ մը ի վեր եւ մանաւանդ այս ընթացքով ան սկսած է վերածուիլ իսլամական երեւոյթի եւ… դատի:

Ի՞նչ պատահեցաւ 1949-ին 27 Ապրիլէն 12 Սեպտեմբեր ՄԱԿի հովանաւորութեամբ Լոզանի մէջ կայացած  Պաղեսինեան հարցին նուիրուած համաժողովին ընթացքին քննարկուած եւ  ապա Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովին մասնակից երկիրներու երկու երրորդով որդեգրուած Երուսաղէմը քորբուս սեփարաթում (corpus separatum) կամ միջազգային քաղաք ճանչնալու ծրագրին՝ նկատի ունենալով անոր երեք միաստուածեան կրօնքներու սուրբ եւ խորհրդանշական վայր ըլլալու հանգամանքը:

Ի՞նչ եղաւ ճակատագիրը ՄԱԿ-ի թիւ 181 եւ թիւ 194 որոշումներուն:

Ի՞նչ պատահեցաւ Եւրոպական Միութեան կազմութեան օրէն Երուսաղէմը միջազգային քաղաք դարձնելու ՄԱԿ-ի ծրագրին իր զօրակցութեան:

Ի՞նչ պատահեցաւ 1947-էն ի վեր իրարու յաջորդող Հռոմի Պապերուն՝ Երուսաղէմը միջազգային քաղաք ճանչնալու գաղափարի օրհնութեան:

Տոնալտ Թրամփի յայտարարութիւնը անակնկալ մը չէր: Ան իր նախընտրական շրջանի ընտրապայքարի խոստումն էր, որ կատարեց անցեալ Չորեքշաբթի: Ամէն պարագայի ԱՄՆ կեցուածքը այս ուղղութեամբ նորութիւն չէ, ո՛չ ալ Տոնալտ Թրամփի գիւտը կամ նախաձեռնութիւնը: ԱՄՆ ո՛չ մէկ ատեն զօրակցած էր «միջազգային քաղաքի» ծրագիրին: Ամերիկեան ծերակուտականը 23 Հոկտեմբեր 1995-էն ի վեր խորհուրդ տուած էր Երուսաղէմը ճանչնալ՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ 31 Մայիս 1999-էն առաջ իրենց դեսպանատունը փոխադրել այնտեղ: Խորհուրդ մը, որ 1998-էն ի վեր ծերակուտականի տարեկան երկու նստաշրջաններուն անընդհատ օրակարգի նիւթ հանդիսացած է:

Մինչ այդ ո՞ւր էր միջազգային ընտանիքը երէկ կամ ո՞ւր է այսօր, երբ նախագահ Թրամփ համահունչ ամերիկեան հին կեցուածքին հետ ու իր խոստումին վերջապէս յայտարարեց զայն: Ո՞ւր է քրիստոնեայ աշխարհը ի տես միայն իսլամական երեւոյթ դարձած Երուսաղէմին տէր կանգնելու խնդիրին: Ո՞ւր է Համաշխարհային Եկեղեցին: Ո՞ւր է Երուսաղէմի մեր նուիրապետական աթոռը:

Վերջապէս, ի տես այս նոր զարգացումին, ինչո՞վ զբաղած է Էջմիածինը…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին