Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ստեփանակերտի Մէջ Յարգած են Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակը

Սպիտակի երկրաշարժի 29-րդ տարելիցի առիթով` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 7-ին հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրած երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

Յուշահամալիր այցելած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, այլ պաշտօնատար անձիք, մտաւորականներ, տարբեր գերատեսչութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու անձնակազմեր, որոնք ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ դրած են երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող  յուշակոթողին:

Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած` տեղի ունեցած է ոգեկոչման եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

 

Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին