Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Կար ու Չկար Երկիր Մը Կար…

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Կար ու չկար երկիր մը կար, որուն ղեկավարները կը պնդէին, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող անօրինական զէնք կրող մէկ կազմակերպութիւնը իր զէնքը երկրին մէջ չի գործածէր: Կարծէք երկրին օրինական բանակէն բացի, զինեալ կազմակերպութեան մը գոյութիւնը բնական եւ առողջ վիճակ մը կը ներկայացնէր երկրի մը համար եւ կը բաւէ, որ անոր ղեկավարները վկայէին, թէ ան խելօք է եւ իր զէնքը երկրէն ներս չի գործածէր…:

Կարծես այդ ղեկավարները բոլորին կ’ուզէին ցոյց տալ, թէ ոչ մէկ անբնական երեւոյթ կայ երկրին մէջ պարզ այն պատճառով, որ տուեալ կազմակերպութիւնը շատ զէնք ունի, սակայն երկրին մէջ չի գործածէր եւ իր այս «վեհանձնութիւն»-ը կրնայ չքմեղացնել զինք…:

Նշեալ ղեկավարները կը փորձէին ըսել, որ այդ կազմակերպութեան երկրէն դուրս գործածած զէնքը իրենց չի վերաբերիր եւ ամէն պարագայի այդ ուղղութեամբ ալ շատ բան չկայ իրենց ձեռքը…:

Կարծես կ’ըսէին, թէ իրենք գոհ են այս անբնական իրավիճակէն:

Այս ղեկավարները պահ մը մոռցած էին, որ իրենք սկզբունքով պահապաններն են երկրի սահմանադրութեան, պատասխանատու են երկրի տարածքին վրայ պետութեան ունեցած գերիշխանութեան եւ հսկողները իրենց ժողովուրդի ապահովութեան:

Ինչ կը վերաբերի անօրինական զէնքի գոյութեան, այս ղեկավարները կարծէք նաեւ մոռցած էին, որ իրենք պատասխանատու են միջազգային օրէնքները գործադրելու:

Կար ու չկար երկիր մը կար…

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին