Լուսինէ Գրիգորեանի Կոմիտաս «Եօթը երգ» վերնագիրով կոմիտասեան դաշնամուրային ստեղծագործութիւններուն ձայնասկաւառակը թողարկուած է ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող ECM records-ի կողմէ: Այս ընկերութիւնը աշխարհին ներկայացուցած է այսօրուան մեծանուն երաժիշտներէն շատերը։
Ասիկա այն եզակի դէպքերէն է, երբ հանրայայտ ընկերութիւններէն մէկը կը հրատարակէ եւ աշխարհին կը ներկայացնէ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Խտասալիկին գրքոյկը գրուած է հեղինակաւոր երաժշտաքննադատ Փոլ Կրիֆիցի կողմէ, որ երկար տարիներ եղած է «Նիւ Եորք թայմս»-ի երաժշտական գլխաւոր խմբագիրը: Ան Կոմիտասի տարած աշխատանքը կը համեմատէ Պելլա Պարդոքի տարած աշխատանքին հետ՝ ներկայացնելով Կոմիտասի սկզբունքներուն իւրայատկութիւնը եւ կը նշէ, որ մինչ Պարդոքի ստեղծագործութիւնները շատոնց իսկ մտած են համաշխարհային դասական երաժշտութեան նուագացանկ, «Կոմիտասը համաշխարհային երաժշտութեան պատմութենէն դուրս մնացած էջ մըն է, որ կը սպասէ իր վերստին կարուելուն»:
«Լուսինէ Գրիգորեանը Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու իր մեկնաբանութիւններուն մէջ ո՛չ միայն կ’ընկալէ ա՛յն, ինչ կ’երեւի նոթագրութեան մէջ, այլ կը փոխանցէ նաեւ ազգային երաժշտութեան ետնապատկերը, խորքային ակունքները, ուրկէ ան սերած է: Անոր լեկաթոյի արտայայտչաձեւերը կրնան յառաջացնել տուտուկի զգացողութիւն, իսկ սթաքաթոները` յուշել թառի հնչողութիւն: Ներկայ են նաեւ թմբուկն ու զուռնան` ժողովրդականի նման ճկուն ռիթմերով: Անոր կատարողականութիւնը կ’արտայայտէ ժողովրդական եւ ծիսական երաժշտութեան բնորոշ խորհրդաւորութիւնը»,- Փոլ Կրիֆից։
Հատուածներ լսելու համար այցելել ECM Records-ի կայքէջ` https://www.ecmrecords.com/catalogue/1499264471/komitas-piano-compositions-lusine-grigoryan եւ Լուսինէ Գրիգորեանի կայքէջ` https://lusinegrigoryan.com:
Խտասալիկի գրքոյկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ կատարողի խիստ շահեկան բացատրութիւնները ստեղծագործութիւններու ծագման, Կոմիտասի աշխատանքին, ինչպէս նաեւ մեկնաբանական սկզբունքներուն մասին:
Խտասալիկները ձայնագրուած են Զուիցերիոյ Լուկանօ քաղաքի RSI արուեստանոցին մէջ` ECM records-ի հիմնադիր Մանֆրետ Այխըրի անմիջական ղեկավարութեամբ:
Խտասալիկը հրատարակուած է 2017 թուականի աշնան եւ արժանացած է ջերմ ընդունելութեան ամբողջ աշխարհի մէջ եւ միջազգային մամուլի բարձր գնահատականին: