Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Ամէն Օր Պիտի Աշխատինք, Որ Կիւմրիի Մէջ Կեանքը Փոխուի․Վարչապետ

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան 1988 թուականի երկրաշարժի 29-րդ տարելիցի առիթով այցելած է Կիւմրի:  Ան ժամը 11:41-ին ծաղիկներ դրած է Կիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ մասնակցած պատարագին:

«Մենք ամէն օր պէտք է աշխատինք, որպէսզի կեանքը այստեղ փոխուի: Այն խնդիրները, որոնք այսօր Կիւմրին, մեր ժողովուրդը ունին, յաղթահարելի են, ուղղակի պէտք է լաւատեսութեամբ նայիլ ապագային եւ աշխատիլ»,- ըսած է Կարապետեան:

Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Կիւմրիի հետ կապուած համալիր ծրագիր կ’իրականացուի եւ քաղաքին մէջ կեանքի որակը սկզբունքօրէն պիտի փոխուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին