Ազրպէյճանը արդէն շատոնց սեւ ցուցակին մէջ ներառած էր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, ապա սկսաւ այնտեղ սեւ ընդգրկել նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կ’այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ:
Անոնք, որոնք իսկապէս խաղաղութեան կը ձգտին, նման բան չեն ըներ: ԵԱՀԿ մասնակից երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի 24-րդ հանդիպման ընթացքին, ըստ «Armenpress.am»-ի, նման յայտարարութիւն ըրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան։
Ի թիւս մէկ տասնեակէ աւելի պատճառներու, թէ ինչո՛ւ մինչեւ օրս հնարաւոր չէ եղած յառաջընթաց արձանագրել խաղաղ բանակցային գործընթացի մէջ, ՀՀ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է Ազրպէյճանի կողմէ հակահայկական ատելութեան քարոզչութեան քաղաքականութեան որդեգրումը: «Ազրպէյճանը աշխարհի բոլոր հայերը կը կոչէ իրեն համար մէկ թշնամի, դասագիրքերուն մէջ հայերը կը ներկայացնէ իբրեւ Ազրպէյճանի ցեղային հակառակորդներ, կ’ոչնչացնէ տեղաբնիկ հայերու մշակութային ժառանգութիւնը եւ կրօնական կոթողները, կը պնդէ, որ իբր Հայաստանի տարածքները ազրպէյճանական պատմական հողերն են»,- յայտարարած է Էդուարդ Նալպանտեան:
Ան յիշեցուցած է, որ հակառակ նախագահական եւ նախարարական մակարդակներով բազմաթիւ հանդիպումներուն, բանակցութիւններու բազմաթիւ փուլերուն, համանախագահ երկիրներու անխոնջ միջնորդութեան, ԵԱՀԿ-ի եւ այլ կառոյցներու կողմէ համանախագահներու ջանքերուն եւ մօտեցումներուն ցուցաբերուած աներկբայ աջակցութեան, Ազրպէյճանը կը շարունակէ յետքայլ կատարել եւ ուժի կիրարկումով խոչընդոտել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: