Դեկտեմբեր 2-ին յիրաւի մանկական շունչ ստացած էր Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնը: Գեղեցիկ ժապաւէններով եւ գոյնզգոյն փուչիկներով զարդարուած Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահը պատրաստուած էր Վրաստանի «Արեւիկ» մանկական հիմնադրամի 15-ամեակի տօնակատարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Akhaltskha.net»-ը։
Ձեռնարկին ներկայ էր Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը:
Տօնահանդէսը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Թեմակալ առաջնորդի օրհնութեամբ: Այնուհետեւ հնչեց հիմնադրամի օրհներգը՝ մայրաքաղաքի թիւ 104 դպրոցի «Արեւիկ» երգչախումբին կատարումով խմբավար Մարինէ Արշակեանի գլխաւորութեամբ:
Հիմնադրամի նախագահ Էմմա Ախտեանը անդրադարձաւ հիմնադրամի պատմութեան, անոր ստեղծման մտայղացման, ներկայացուց 15-ամեայ գործունէութեան ուղենիշները, երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց ՀՀ Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններուն, Վիրահայոց թեմի առաջնորդին, տարբեր երկիրներու անհատ բարերարներուն, որոնց աջակցութեամբ կը գործէ հիմնադրամը: Կարեւոր համարեց «Արեւիկ» հիմնադրամին գործունէութեան, մանկական նկարի եւ բանաստեղծական խօսքի արտացոլումը «Արեւիկ» թերթի էջերուն, որ թէեւ մանկական է, բայց նաեւ մեծերու սիրելի թերթն է: Անիկա կ’իրականացնէ դպրոցականներու կեանքին արձագանգելու, հասակակիցները իրարու հետ ծանօթացնելու, մերձեցնելու գործառոյթ:
Հիմնադրամի փոխնախագահներ Ինկա Աղեկեանը եւ Այտա Բարսեղեանը ներկաներուն յիշեցուցին այն ցուցահանդէսները, տօնական ձեռնարկները, մրցոյթներն ու նուիրատուութիւնները, որոնք իր գործունէութեան տարիներուն իրականացուցած է հիմնադրամը՝ գործելով Վրաստանի տարածքին, իր շուրջը համախմբելով հայաբնական գիւղերու եւ քաղաքներու փոքրիկները:
Տօնահանդէսը գեղեցիկ խօսքով կը վարէր Աննա Միքայէլեանը: Ձեռնարկը համեմուած էր «Արեւիկ» հիմնադրամի գործունէութեան մասին պատմող տեսանիւթով, տարբեր երկիրներէ հասած հեռահար շնորհաւորանքներով: Իրենց երգով, պարով, ասմունքով հիմնադրամի յոբելեանը շնորհաւորեցին «Հայարտուն» կեդրոնի մենակատարներ Անի Յովհաննիսեանը, Այտա Բազոյեանը, Հենրիխ Պետրոսեանը, Էդուարդ Քոչարեանը, Աննա Անանովան, Լիանա Մակարեանը, տուտուկի եւ դհոլի խմբակներու անդամները:
Տարեդարձին առիթով՝ «Արեւիկ» հիմնադրամին շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթանքի խօսք ըսին բանաստեղծ-թարգմանիչ Կիւի Շահնազարը, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեանը, Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ազգային ծրագիրներու համակարգող Կարինէ Մանուկեանը, Վրաստանի հայ գործարարներու միութեան նախագահ Սամուէլ Աղեկեանը, Պետրոս Ադամեանի անուան հայպետդրամայի թատրոնի դերասան Ռոմէօ Մաթիաշվիլին:
Ներկաներուն ուղղուած օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքին մէջ՝ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը բարձր գնահատեց «Արեւիկ» մանկական հիմնադրամի արգասաբեր գործունէութիւնը, արժեւորեց տօնահանդէսի գեղարուեստական ելոյթները, որոնք սկսած են փոքրիկներէն, այնուհետեւ հասակ առած, կազմաւորուած ու զարգացած այս կեդրոնին մէջ՝ ամէնուրեք հպարտութեամբ ներկայացնելով հայ արուեստն ու մշակոյթը: Սրբազան հայրը յաջողութիւններ մաղթեց մանուկներու բազմակողմանի, ի մասնաւորի հայեցի դաստիարակութեան միտուած գործունէութեան:
Ձեռնարկը գեղեցկացուցած էին Ռոպերթ Ներսէսովի նկարչական խումբի սաներ Կարի Արուշանեանի եւ Եուրի Արուտիւնովի աշխատանքները: