Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Յառաջիկայ Տարիներուն Երեւանի 160 Մանկապարտէզներ Պիտի Վերանորոգուին․ Տարօն Մարգարեան

Երեւան քաղաքի 160 մանկապարտէզներ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին պիտի վերանորոգուին: «Արմենփրէս»-ի հաղորդմամբ, Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ հիմնանորոգուած թիւ 70 մանկապարտէզի բացման արարողութեան ժամանակ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:

 Անոր խօսքով` Երեւանի քաղաքապետարանը ու Եւրոպական ներդրումային դրամատունը համաձայնագիր ստորագրած են, որով յաջորդ երեք տարիներու ընթացքին Երեւանի շուրջ 40 մանկապարտէզներ վերանորոգուած են: «Երեւանի քաղաքապետարանի պիւտճէով եւ բարերարներու աջակցութեամբ մեր միւս մանկապարտէզները եւս պիտի վերանորոգենք: Մեր նպատակն է, որ մեր երեխաներն ու մեր մանկապարտէզի աշխատակազմը բնական պայմաններու մէջ աշխատին»,- ըսած Տարօն Մարգարեան:

 Շրջելով թիւ 70 հիմնանորոգուած մանկապարտէզին մէջ՝ Երեւանի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնած առաջին տիկնոջը հովանաւորութեան համար: «Մեր ցանկութիւնն է, որ Երեւան քաղաքի բոլոր մանկապարտէզները նման պայմաններ ունենան : Յաջորդ տարիներուն Երեւան քաղաքի մանկապարտէզներուն մէջ պիտի սկսին լայնածաւալ վերանորոգման աշխատանքներ եւ միւս երեխաներն ալ ետ պիտի չմնան եւ պիտի ունենան նման վերանորոգուած լաւ պայմաններով մանկապարտէզ»,-աւելցուցած է քաղաքապետը:

Էրեբունի վարչական շրջանի թիւ 70, այսուհետեւ «Լապտերիկ» մանկապարտէզը հիմնանորոգուած եւ նոր գոյքով պիտի ընդունի իր 197 սաները: ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ հիմնանորոգուած մանկապարտէզին մէջ ամէն ինչ ստեղծուած էր երեխաներուն օրը հեքիաթ դարձնելու համար` նոր գոյք, պատերէն կախուած գունազարդ նկարներ, գորգեր, խաղալիքներ: Առաջին տիկինը լրագրողներուն յայտնած է, որ ուրախ է աւելի շատ ոչ թէ երեխաներուն, այլ ծնողներուն համար: «Մենք գիտենք՝ ծնողքը հանգիստ է այն ժամանակ, երբ գիտնայ, որ իր բալիկը լաւ պայմաններու մէջ կ’ապրի: Ինչու կ’ըսեմ կ’ապրի, կը մեծնայ, որովհետեւ օրուան ամենամեծ մասը անոնք կ’անցնեն այս շէնքին մէջ»,-ըսած է ան:

Երեւանի քաղաքապետարանը մանկապարտէզին 778 կտոր գոյք նուիրած է, բարեկարգած է բակը, տեղադրած զրուցատաղաւարներ եւ խաղեր:

Մանկապարտէզը ներգրաւուած էր «Լոյս» եւ «Բիայնա» բարեգործական հիմնադրամներու  վերանորոգման 2017 ծրագրին մէջ: Նախադպրոցական այս հաստատութեան մէջ կը գործէ 6 խումբ: Երեխաներուն հետ տարուող կրթադաստիարակչական աշխատանքները կ’իրականացնէ 28 աշխատող:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին