Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Միքայէլ Եւ Կարէն Վարդանեանները 1.7 Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնեն Ամբողջ Թաղամասի Մը Բնակարանային Հարցերը Լուծելու Համար

Շահամիրեանի թիւ 8 եւ 9 շէնքերու եւ յարակից տուներու շուրջ 58 ընտանիք այսուհետեւ պիտի ապրի նոր բնակարաններու մէջ: Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները 1.7 միլիոն  տոլար յատկացուցած են այս ընտանիքներուն  նոր տուն գնելու համար:

Ըստ 1-ին լրատուականի՝ նախապէս այս ընտանիքները կ’ապրէին մէկ թաղամասի մէջ, ուր կենցաղի համար անհրաժեշտ ո՛չ մէկ պայման կար: Տուները քանդուած պատերով ու փլուզուող առաստաղներով էին, չունէին լուացարան, խոհանոց: Ջրագիծերն ու կոյուղին թաղամասի միւս ծայրն էին: Նման պայմաններու մէջ կ’ապրէր շուրջ 148 անձ, որոնցմէ  22-ը՝ փոքրիկներ:

Երեւանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ բարերարներու շնորհիւ՝ ամբողջ թաղամասի մը բնակիչներուն հնարաւորութիւն ընձեռուած է դուրս գալու 4-րդ կարգի վթարային, կեանքի եւ առողջութեան համար վտանգաւոր շինութիւններէ ու բնակելու արժանավայել կենցաղային պայմաններու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին