Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Հրանոյշ Յակոբեան Ֆրանսա Կատարած Իր Այցի Ընթացքին Հանդիպած է Քաղաքապետներու Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Նոյեմբեր 23-էն Դեկտեմբեր 2 Ֆրանսայի Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ֆրանսայի հայ համայքի հետ հանդիպման առնընթեր տեսակցած է նաեւ Ֆրանսայի հինգ քաղաքներու` Մարսէյլի, Լիոնի, Վալանսի, Տեսինի, Կրենոպլի քաղաքապետներուն հետ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն, Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան-քլոտ Կոտենի հետ հանդիպման ընթացքին սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բազմաթիւ հարցերու քննարկման ընթացքին բարձրացուցած է նաեւ Մարսէյլ-Երեւան ուղիղ չուերթի բացման խնդիրը: Հայաստանի մէջ Ֆրանքոֆոնիոյ գագաթնաժողովի գումարման առնչութեամբ քաղաքապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է: Նախարարը առաջարկած է Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման դասընթացներ կազմակերպել: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ Մարսէյլի կերպարուեստի թանգարանի ցուցանմուշներու ցուցադրութեան կազմակերպումը Երեւանի մէջ:

Տեսինի քաղաքապետ Լորանս Ֆոթրայի հետ հանդիպման ժամանակ Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին Արցախ կատարած այցելութեան համար, երբ Արցախի Ճարտար քաղաքի եւ Տեսինի միջեւ ստորագրուեցաւ բարեկամութեան յուշագիր: Սփիւռքի նախարարը բարձր կը գնահատէ Տեսինի քաղաքապետին աջակցութիւնը տեղի հայերուն, հայկական մշակոյթի եւ յիշողութեան կեդրոնին:

Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Տեսինի քաղաքապետ Լորանս Ֆոթրային պարգեւատրած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալով: Տեսինի քաղաքապետը նախարարին ուղեկցած է քաղաքի Հայկական մշակոյթի եւ յիշողութեան կեդրոն, ուր տեղի  ունեցած է հանդիպում հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Լիոնի քաղաքապետ Գէորգ (Ժորժ) Կեպենեկեանի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, անոնց բարձր մակարդակը ու խորացմանն ուղղուած քայլերը, քննարկուած է 2018-ի Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ֆրանքոֆոնիոյ գագաթնաժողովի իրականացման հետ կապուած հարցեր։ Գագաթնաժողովին կը  նախատեսուի  նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մասնակցութիւնը:

 Լիոնի քաղաքապետը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարը քննարկած են Մարտին Գէորգ Կեպենեկեանի Հայաստան կատարելիք հնարաւոր այցի մանրամասնութիւնները: Նախարարը եւ քաղաքապետը արծարծած են կրթութեան, ճարտարապետութեան, բժշկութեան ոլորտներու հարցեր: Առանձնայատուկ կարեւոր նկատուած է բարձր արհեստագիտութիւններու  շուրջ համագործակցութիւնը` մատնանշելով Երեւանի մէջ գործող ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի առկայութիւնը:  Նախարար Յակոբեան Գէորգ (Ժորժ) Կեպենեկեանը պարգեւատրած է նախարարութեան ոսկէ յուշամետալով:

Հանդիպումէն ետք նախարարը եւ Լիոնի քաղաքապետը ծաղիկներ խոնարհած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

Կրենոպլի քաղաքապետ Էրիք Փիոլի հետ հանդիպման ժամանակ նախարարն ու քաղաքապետը կարեւոր համարած են Կրենոպլի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ հայերու գործօն մասնակցութիւնը: Քաղաքապետը նշած է, որ հայերը յարգուած ու սիրուած են իր եւ կրենոպլցիներու կողմէ:

Քննարկուած են Սեւան եւ Կրենոպլ քոյր քաղաքներու համագործակցութեան վերաբերող, մասնաւորապէս` զբօսաշրջութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն առնչուող հարցեր:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետ Փիոլին հայկական մշակոյթի տան, եւ առհասարակ, հայ համայնքի գործունէութեան աջակցելուն համար:

Աշխատանքային այցի ծիրէն  սփիւռքի նախարարը  Մարսէյլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Ռուբէն Խարազեանի, Լիոնի մէջ ՀՀ փոխհիւպատոս Գայիանէ Մանուկեանի, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ  Տէր Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է նաեւ Վալանսի հայ մշակոյթի կեդրոն եւ «Ռադիոյ A»-ի գրասենեակ:

Հանդիպման ներկայ եղած են Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն, Պուրգ-լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրրիեն, Տրոմ պետական բաժանմունքի փոխնախագահ Վերոնիք Փուկիեթը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին