Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հայոց Պատմութեան Հերոսական Դրուագներուն Նուիրուած Ձեռնարկ Նինոծմինդայի «Ռաֆայէլ Ջաւախք» Կրթամշակութային Կեդրոնին Մէջ

Հայերուս պայքարը գոյատեւման եւ հաւատքի համար 18 դարու պատմութիւն ունի: Անիկա սկսած է քրիստոնէութիւնը իբրեւ սեփական կրօն ճանչնալու արշալոյսէն եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Ու մշտապէս, երբ նենգ թշնամին յարձակած է` ոչնչացնելու մեր ժողովուրդը եւ անոր քրիստոնէական հաւատքը, բռունցքուած են բոլորը` պահպանելու եւ փրկելու ազգային ինքնութիւնը, պատիւն ու Հայ առաքելական եկեղեցին:

Այս խորիմաստ փիլիսոփայութիւնը կը կրէր Դեկտեմբեր 3-ին «Ռաֆայէլ Ջաւախք» կրթամշակութային կեդրոնին կազմակերպած ցերեկոյթը, որ անջնջելի տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ: Ձեռնարկը պատրաստուած էր կեդրոնի հայ ժողովուրդի եւ հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան խմբակներու (ղեկավարներ`Ռիմա եւ Անահիտ Սահակեաններու) կողմէն: Հանդիսատեսի աչքին առջեւէն անցան ո՛չ միայն Աւարայրի պատմական դրուագները, այլեւ հայերու հերոսական պայքարի բազում այլ փաստեր` Ցեղասպանութիւն, Հայրենական պատերազմ,Սարդարապատ, Արցախեան հերոսամարտեր, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմ:

Թատերականացուած, ասմունքով եւ երգչախմբային կատարումներով հարստացուած ցերեկոյթը` մանկական եւ պատանեկան շուրթերով ամրագրուած մեր երդումն էր աչքի լոյսի պէս պահպանել Վարդանանց մարտին զոհուած հերոսներուն ձգած աւանդոյթները, մասկանցիլ հզօր հայրենիք ստեղծելու եւ ցանկացած ոսոխի դիմագրաւելու պայքարին: Շուրջ 60 սան մասնակցեցաւ «Շարունակուող Աւարայրը» ձեռնարկին:

Կեդրոնի ղեկավար Ժորա Սնխչեանը եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Արմաշ Պօղոսեանը բարձր գնահատեցին եւ գովերքի խօսքեր յղեցին ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ ամբողջ անձնակազմին, որոնց համատեղ աշխատանքին եւ գիտակցուած մօտեցման արդիւնքն էր գեղեցիկ եւ հայրենասիրական մեծ ոգիով տոգորուած ցերեկոյթը:

«ՌՋ» կեդրոնի մամլոյ դիւան

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին