Հայկական քոչարին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ կազմակերպութեան Twitter-ի պաշտօնական էջը:
Քոչարի պարը հայկական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան բնութագրական դրսեւորումներէն է եւ տարածուած է սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս:
Ան աւանդական մշակոյթի այն հազուադէպ դրսեւորումներէն է, որուն սերունդէ-սերունդ փոխանցման շղթան չէ ընդհատուած, կենսունակ է եւ կը մէկտեղէ ազգային ինքնութեան, միասնականութեան ու համերաշխութեան բոլոր դրսեւորումները` որպէս կատարեալ ժողովրդական ստեղծագործութիւն:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի ամենամեայ նստաշրջանը տեղի կ’ունենայ Դեկտեմբեր 4-9 Հարաւային Քորէայի Չեջուտօ կղզիին վրայ:
Ազրպէյճանէն ներկայացուած հայկական տոլմա ճաշատեսակի պատրաստման բաղադրատոմսը նոյնպէս ընդգրկուած է ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: