Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի ԱԺ-ն Վաւերացուց 100 Միլիոն Տոլարի Վարկով ՌԴ-էն Սպառազինութիւն Ձեռք Բերելու Համաձայնագիրը

Հայաստանի խորհրդարանը վաւերացուց 100 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրի ծիրէն ներս Ռուսիոյ Դաշնութենէն ժամանակակից սպառազինութիւն ձեռք բերելու մասին համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Armenpress.am»-ը։

Համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցին միաձայն կողմ քուէարկեց 92 պատգամաւոր: Համաձայնագիրով ՌԴ-ն մինչեւ 100 միլիոն տոլարի պետական արտահանման վարկ պիտի տրամադրէ Հայաստանի կառավարութեան` ռուսական արտադրութեան ռազմական նշանակութեան սարքերու մատակարարումներու ֆինանսաւորման համար:

Զինատեսակներուն ցանկը կրնայ փոփոխուիլ ՀՀ ՊՆ եւ ՌԴ ռազմամթերքի համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան փոխադարձ գրաւոր համաձայնութեամբ, քանի որ վարկը պիտի իրականացուի 5 տարուան ընթացքին, իսկ այդ ընթացքին կրնայ նոր զինամթերք արտադրուիլ եւ վարկի ծիրէն ներս նոր զինատեսակներու ձեռքբերման վերաբերեալ համաձայնութիւն ըլլալ: Վարկը Հայաստանին կը տրամադրուի հինգ տարի ժամկէտով` երեք տոկոս տոկոսադրոյքով: ՀՀ-ն ՌԴ-էն ժամանակակից սպառազինութիւն ձեռք բերելու ներքին գիներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին