ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Երէկ գիշեր հետեւեալ հին պատմուածքը, չես գիտեր ուրկէ՜ ուր, միտքս ինկաւ (այսպէս կ’ըլլայ կոր վերջերս):
Երկրի մը կառավարիչը իր մօտ կը կանչէ իր առաջին խորհրդականը եւ իրմէ կը պահանջէ հրամանագիր մը պատրաստել՝ յայտարարելով շաքարի գինին տաս առ հարիւր յաւելումը, ժողովուրդէն պահանջելով համբերող ըլլալ:
Առաջին խորհրդականը անմիջապէս տարաձայնութիւն մը մէջտեղ կը նետէ հետեւեալ թեմայով, թէ կառավարիչը նպատակ ունի 50 առ հարիւրով աւելցնել շաքարի, ձէթի, միսի, ծխախոտի եւ ցորենի գիները…:
Ժողովուրդը կ՛ընդվզի եւ բարկութեան ալիք մը կը բարձրանայ երկրին մէջ:
Յաջորդ շաբաթ առաջին խորհրդականը նոր լուր մը կը տարածէ, որ կ’ըսեր, թէ միւս խորհրդականներուն դրդումին որպէս արդիւնք, կառավարիչը նշեալ հրամանագիրը շուտով պիտի ստորագրէ:
Ժողովուրդին մօտ բարկութեան ալիքը կը սաստկանայ եւ սկսան վիճաբանութիւններ եւ հարցադրումներ ըլլալ, թէ մեծ անարդարութիւն է եղածը: Ինչո՞ւ այս յաւելումները միանգամայն պիտի կատարուին եւ շատ մը ապրանքներ ընդգրկող կողովով մը: Գոնէ յաւելում կատարուէր մէկ ապրանքի վրայ եւ հոգ չէ թէ այդ ըլլար 10 կամ նոյնիսկ 15 առ հարիւր, գոնէ այս մէկը հասկնալի եւ տանելի կ’ըլլար…:
Այս հանգրուանին է, որ առաջին խորհրդականը կը շտապէ կառավարիչին մօտ եւ կը ներկայացնէ հրամանագրին տողերը. «Ընդառաջելով մեր փառապանծ ժողովուրդին փափաքին եւ մերժելով շուկայական խորհրդականներու առաջարկը՝ բարեգութ կառավարիչը որոշեց միմիայն շաքարի գինը աւելցնել այն ալ միայն 12 առ հարիւրով»:
Հանգիստ շունչ մը կը քաշէ ուրախ եւ գոհացած ամբոխը եւ անոնց բերնէն կը սկսի բարձրանալ կառավարիչը փառաբանող լօզունգներ եւ կանչեր.- «կեցցէ՛ մեր կառավարիչը»: «Երկար ապրի՛ մեր ղեկավարը»… մինչ առաջին խորհրդականը կառավարիչէն կը ստանայ երկրին շաքարը ներածելու առանձնաշնորհումը…:
Այս պատմութիւնը, սիրելի՛ ընթերցող, քեզի չի՞ յուշեր նմանօրինակ իւրաքանչիւր հրամանագրերու նախօրէին՝ երկրի պիւտճէի քննարկում եւ զայն ֆինանսաւորելու միտող տուրքերու յաւելում կամ ընդհանրապէս՝ երկրին մէջ տեղի ունեցած թատրերգութիւնը…:
Այսօրուան սիւնակիս բարոյականը հետեւեալն է, սիրելի՛ս: Մարդկային պատմութեան մէջ կառավարիչները միշտ նոյնանման եղած են…: Անոնց խորհրդականները նոյն խաղը խաղցած են: Ժողովուրդն ալ, իր կարգին, մնացած է միշտ նոյն ոչխարամիտ ամբոխը…