Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Կարապետ Պապահէքեան Ազգանուէր եւ Հայրենասէր Հայը

*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ* 
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

            Կարապետ Պապահէքեան, մարդ մը, հայ մը, Ռամկավար Ազատական մը, ազգային հասարակական գործիչ մը, հայրենասէր մը: Շնորհիւ իր մարդասիրութեան, վեհանձնութեան, առաքինի նկարագիրին եւ առատաձեռնութեան, յարգուած է եւ ընդմիշտ յարգուած պիտի մնայ բոլորէն:

            Կարապետ Պապահէքեան աւելի քան վեց տասնամեակներ շարունակ կարելին չէ խնայած ու տակաւին կը շարունակէ չխնայել ի խնդիր Հայրենիքի օժանդակութեան, սփիւռքահայութեան, ի մասնաւորի լիբանանահայութեան կենսունակութեան ու Ընկ.Կարապետ Պապահէքեան գործարարական բազմազբաղ իր ասպարէզին զուգահեռ մնայուն կերպով նուիրուեցաւ իր ժողովուրդին ու Հայրենիքին, առանց շեփորահարումի, թմբկահարումի, այլ համեստութեամբ, ծառայասիրութեամբ ու զոհողութեամբ:    

            Ընկեր Պապահէքեանի ազգային-հասարակական գործունէութեան շրջագիծը լայնածիր ու բազմաշերտ եղած է՝ սկսելով իր պատանեկութենէն՝ որպէս Հ.Ե.Ը.-ական մարզիկ, ապա քայլ առ քայլ բարձրանալով դառնալու Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գործունեայ ղեկավարներէն, նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Շինարարական Յանձնախումբի ատենապետ, որուն շնորհիւ է, որ այդ շրջանին գնուած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան Կեդրոնի հողատարածքը եւ անոր մերձակայ մարզադաշտը:  

            Ստորեւ կը ներկայացնենք Ընկ.Պապահէքեանի ստանձնած պատասխանատու պաշտօնները Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Թ.Մ.Մ.-ի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի շարքերէն ներս.

Ա.        Պատանեկան տարիներուն մարզիկ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի:

Բ.        Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Շինարարական Յանձնախումբի ատենապետ ՝1983-էն 1987:

Գ.        Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպիր՝ 1991-էն 1996:

Դ.        Թ.Մ.Մ.-ի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձու՝ 1963-էն 1965 եւ 1969-էն 1978:

Ե.     Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմինի անդամ՝ 1988-էն 1996, ատենապետ՝         1996-էն 2011:

Զ.         Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխ
ատենապետ՝ 1979-էն 1980,           ատենապետ՝            1980-էն 1981:

Է.         Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան փոխանդամ՝ 1982-էն մինչեւ 1989, անդամ՝    1989-էն մինչեւ 2009:

Ը.         Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Պատուոյ անդամ՝ 2009-էն մինչեւ օրս:

            Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան ազգային-կուսակցական-միութենական կեանքին մէջ եղաւ աշխատունակ ներկայութիւն մը՝ վայելելով համապատասխան յարգանք թէ՛ իր շրջանակէն ներս, թէ՛ այլ, որոնց մէջ հայրենիքը ունի իր իւրայատուկ տեղը:

            Որպէս օրինականութեան ու կարգապահութեան ջատագով՝ չէր կրնար ընդունիլ որեւէ թերացում, ընկրկում կամ սայթաքում Ռ.Ա.Կ.-էն ներս: Ցաւով կ’անդրադառնար Կուսակցութեան միասնականութեան ու մէկութեան խախտումին: Նախանձախնդիր Ընկ.Պապահէքեան աններող եւ անզիջող էր պարտազանցութիւններու, անկարգապահութիւններու եւ անիրաւութիւններու նկատմամբ եւ իր զգաստացնող խօսքը կ’ուղղէր բոլոր անոնց դէմ, որոնք անկարգապահ եւ օրինազանց են:

            Ընկեր Պապահէքեան ազգային-հասարակական գործունէութեան ընթացքին իր կարելին ի սպաս դրած է՝ նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակելու ազգային-հայրենական կարիքներուն, պահանջքներուն ու հրամայականներուն:

            Ստորեւ ամփոփ ձեւով ներկայացնենք շատերուն ծանօթ հետեւեալ իրագործումները.

Ա.        4500 օրինակ «Հայաստանի Յուշարձաններ Նախապատմական Շրջանէն             Մինչեւ 7-րդ Դար» շքեղաշուք ու պատկերազարդ ալպոմին             հրատարակութիւնն ու տարածումը (1975): Այս ալպոմէն 2000 օրինակ ատենին փոխանցուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ 100 օրինակ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին:

Բ.        «Կոլտըն», «Սթարքըն» եւ «Տապըլ Ռէտ» խնձորի տեսակներու տնկիներ, որոնք յետագայ տարիներուն կոչուեցան շինարար, այժմ նահատակ «Կարէն           Տեմիրճեան»-ի անուան խնձոր:

Գ.        Գիւղատնտեսական տարրալուծարան, սարգաւորումներ, էմբրիոներ:

Դ.        Սերմեր՝ Գոլշտին Նորգիզ ցեղի արտադրող ցուլերուն խորը սառեցուած սերմեր: 1982 թուականին ստացուած է 210 գլուխ հորթ:

Ե.        Հայաստանի մէջ կը սկսի արտադրուիլ արաբական հաց:

Զ.         Բազմաթիւ եւ բազմատեսակ նիւթական օժանդակութիւն՝ Սփիւռքահայութեան             Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի կազմակերպած ձեռնարկներուն եւ հայրենի մտաւորականներու Լիբանան այցելութեան առթիւ ընդունելութիւններ ու հիւրասիրութիւններ:

Է.         Կարեւորութեամբ կը շեշտենք Ընկ. Պապահէքեանի անհուն սէրն ու հաւատքը «Զարթօնք»ին, որ օրին եղած էր լուսաւոր փարոս մը հայութեան համար, իսկ ինք սատարած էր անոր հեզասահ հրատարակութեան՝ միաժամանակ պատրաստ ըլլալով անոր փայլքն ու հմայքը վառ պահելու նուիրական գործին:  

 

            Վերջապէս այս օրերուն Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան, շարունակելով իր հայրենանուէր ծառայութիւնը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանութեան աջակցութեամբ Հայաստան ղրկած է լիբանանեան մայրիի 250 տունկեր: Տունկերու յաջող աճի պարագային Ընկ.Պապահէքեան պատրաստ է 2000 տունկ եւս փոխանցելու հայրենիքին:

            Այս բոլորին զուգահեռ, լուսարձակներէ հեռու, լիբանանահայ կրօնական, բարեսիրական, հաստատութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անսակարկ ծառայած եւ նիւթապէս օժանդակած է բազմաթիւ ներդրումներով:

            Ռ.Ա.Կ.-ի շրջանակը հպարտ է, որ Ընկ.Կարապետ Պապահէքեանի ձեռնհասութեամբ, ազգասիրութեամբ ու հայրենապաշտութեամբ ազգային մը ունի իր շարքերուն մէջ, որ վայելեց իր գաղափարական դպրոցին պանծալիութիւնը, որուն համար հպարտ է, սակայն տխուր է ի տես այդ դպրոցին մէջ նշմարուող ցնցումներուն, բայց երբեք իր հաւատքը չէ կորսնցուցած դէպի պայծառ մօտալուտ ապագայ մը, որուն իրագործման համար ոչ մէկ ճիգ ու ջանք պիտի խնայէ:

            Յարգանք, առողջութիւն եւ արեւշատութիւն մեր սիրելի վեթերան ընկերոջ, նաեւ իր ազնուափայլ կողակից վեթերան ընկերուհի Յասմիկին, որոնց գործը, վաստակը եւ շնորհալիութիւնները օրինակ պէտք է դառնան մեզի եւ գալիք սերունդներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին