Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Լեհաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպանութիւնը Ամանորի Բարեգործական Տօնավաճառին Մասնակցած է

Լեհաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու կանանց (ամուսիններու) ընկերակցութիւնը (SHOM), Վարշաւայի Marriott հիւրանոցին մէջ Դեկտեմբեր 3-ին կազմակերպած է Ամանորին նուիրուած հերթական 10-րդ բարեգործական տօնավաճառը, որուն մասնակցած է նաեւ ՀՀ դեսպանութիւնը:

Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեան, այս առիթով, Facebook-ի իր էջին գրած է. «Տօնավաճառ կ’իրականացուի Լեհաստանի առաջին տիկնոջ` Ակաթա Գարնհաուսըր-Տուտայի բարձր հովանիին ներքոյ: Տօնավաճառին քանի մը տաղաւարով կը մասնակցի նաեւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը` ներկայացնելով հայկական յուշանուէրներ, զարդեր, քոնեակներ, գինիներ, քաղցրաւենիք, աւանդական ճաշատեսակներ:

Տօնավաճառի բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք շրջայցի ընթացքին Հայաստանի տաղաւար այցելած եւ գնումներ կատարած է նաեւ Լեհաստանի Առաջին տիկինը: Հայաստանի տաղաւարի ներկայացման մասնակցած են Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեանը, Գրաքով բնակող հայ քանդակագործ Անի Մուրատեանը, «Հայ-լեհական կապերու զարգացման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, հայկական աւանդական զարդանախշերով գօտիներու արտադրութեամբ զբաղող Պժեմիսլաւ Զամվրիցքին, Վարշաւայի եւ Լեկիոնովոյի հայկական ճաշարանները եւ այլն:

Տօնավաճառի մշակութային ծրագիրի ծիրէն ներս հայկական երգերու կատարումներով հանդէս եկան Վարշաւայի մէջ բնակող հայ երգիչներ Արթուր Գիւրջեանը, Սոնա Մաթեւոսեանը եւ Նոէլ Մարտիրոսեանը:

Բարեգործական տօնավաճառին հասոյթը պիտի փոխանցուի Լեհաստանի մէջ գործող շարք մը բարեգործական, հասարակական եւ կրթական կազմակերպութիւններու»:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին