Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Ազգային Երգ ու Պար Սորվեցնող Դպրոցները Պիտի Շատնան

Ազգային երգ ու պար սորվեցնող դպրոցներուն ցանկը պիտի ընդլայնուի: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի նոր հրամանով լրացում կատարուած է ««Ազգային երգ ու պար» նիւթի փորձնական ծրագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ներդնելու մասին» հրամանին մէջ:

Հրամանին համաձայն` «Ազգային երգ ու պար» նիւթը պիտի ներդրուի եւս 10 դպրոցներու մէջ:

Նիւթը պիտի դասաւանդուի նաեւ Ս. Շահումեանի անուան թիւ 1, Երեւանի թիւ 34, 61, 76, 78, 86, 128 հիմնական դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ Արարատի մարզի Մարմարաշէն գիւղի միջնակարգ, Մասիս քաղաքի թիւ 4 հիմնական դպրոցներուն եւ Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկի կրթահամալիրին մէջ, կը յայտնէ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Ինչպէս նախապէս յայտնեցինք, հայկական քոչարին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին