Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն այցելած նախագահ Սերժ Սարգսեան հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութեան ծիրէն ներս Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է «Ասպարէզ» ուսումնական կեդրոն, ուր իրենց ներկայացուցած են հայկական արտադրութեան նոր ռազմական սարքերու մարտավարական եւ թեքնիքական բնութագիրները եւ նշանակութիւնը, որմէ ետք նախագահները դիտաշտարակէ հետեւած են անոնց կիրարկման ընթացքին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամուլի վարչութիւնը, ՀՀ նախագահը խրախուսական նուէրներ յանձնած է ծառայութեան մէջ աչքի ինկած զինծառայողներուն, այնուհետեւ Արցախի արեւելեան եւ կեդրոնական հատուածներու մէջ ներկայ գտնուած է նոր զօրանոցներու եւ զինուորական ակումբի բացման արարողութիւններուն:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան շրջայց կատարած են նորաբաց զօրանոցներու մէջ, ծանօթացած զինծառայողներու ընկերա-կենցաղային պայմաններուն: Նախագահ Սարգսեան խրախուսած է զօրամասի լաւագոյն սպաները, պայմանագրային եւ ժամկէտային զինծառայողները: