Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան այսօր կը մեկնի Վիեննա` մասնակցելու Դեկտեմբեր 7-8 կայանալիք Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 24-րդ նիստին:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի ծիրէն ներս, Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը երկիրներու իր գործընկերներուն հետ:
Նախարար Նալպանտեան հանդիպում պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ: Նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Դեկտեմբեր 9-ին Վիեննայի մէջ Էդուարդ Նալպանտեան պիտի իրականացնէ եւրոպական երկիրներու եւ Եւրոպայի մէջ տեղակայուած միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութիւնը: