Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Թող Լուցկի Ծախող Փոքրիկի Ցաւն Ապրողներ Չմնան…

*ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ*

Հոգեկան երեւոյթները անսահման են ու անչափելի. նոյն անսահման բերկրանքի մէջ եմ նոր տարուան գալուստին։ Հաճոյքով կը զարդարեմ տօնածառը՝ ըմբռնելով անոր իւրաքանչիւր մանրուքի եւ գոյնի խորհուրդը, ուրախութեամբ կը կարդամ վաղահաս բարեմաղթանքները եւ հոգիս խինդով կը լեցուի՝ յատկապէս, երբ կը տեսնեմ երեխաներու կաղանդազարդ նկարները։ Հիացած կը շրջիմ Երեւանի գունագեղ փողոցներով, ապա խանութներով եւ յանկարծ կը զգամ, որ այդ բոլորը նման է լուցկի ծախող աղջկան վառած լուցկիէն երեւացող երանութեան…

Լուցկին կը մարի… երբ կը կարդամ, որ սահմանամերձ գիւղի երեխան շատ տխուր է, որովհետեւ կաղանդ պապան երբեք չէ այցելած իրեն եւ ան այնպէս ալ չէ ստացած իր երազած տիկնիկը, կամ ուրիշ մը՝ դեռ տան մէջ երբեք տօնածառ չէ ունեցած։ Շուկայի ու փողոցներու շռայլութեան մէջ ամենասարսափելին երեխաներու թախծոտ ու այդ բոլորին մէկ աննշան մասնիկը անգամ ունենալու անյոյս հայեացքն է։ Հետեւաբար, ի՞նչ իմաստ ունի այդ շքեղութիւնը, ինծի համար ո՛չ մէկ…

Պարոնա՛յք, Ձեր ճիփերը միայն Երեւանի համար չեն, հասէք Հայաստանի գիւղերը, իջէք այդ սեւ արկղի «բարձունքէն» ու քալեցէք հողի վրայ. հաւանաբար հողի ուժն ու ջերմութիւնը արթնցնէ ձեր խիղճն ու կենդանացնէ մահաքունի մէջ մտած հայու հոգին եւ վերջապէս մտածէք, որ երկիրը կը շէնացնեն՝ այդ անմեղ ու թշուառ կեանքով ապրող երեխաներու դէմքին ժպիտ պարգեւելով։

Այնպէ՛ս ըրէք, որ ոեւէ երեխայ լուցկի ծախող փոքրիկին ցաւն ու տառապանքը չտեսնէ։ Միայն ա՛յն ժամանակ է, որ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդը, այլեւ՝ Սփիւռքը պիտի հաւատայ ձեզի եւ մեր արարչական երկիրը պիտի ծաղկի։

Թող ոեւէ երեխայ լուցկի ծախող փոքրիկի ցաւը չապրի, բայց թող ամէն հայ ունենայ անոր ամուր կամքը, յոյսն ու հաւատքը, եւ եթէ մեռնի ալ, մեռնի՛ լաւատեսութեամբ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին