ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած ամենալաւ ձեւով տօնելու Կուսակցութեան պանծալի 96-ամեայ յոբելեանը: Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Պատուոյ անդամ եւ Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու մարմնի նախկին ատենապետ ընկեր եւ ընկերուհի Կարապետ եւ Յասմիկ Պապահէքեաններու ներկայութիւնը վայելող ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ: կազմակերպութեամբ Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին:
Արդարեւ Շաբաթ 2 Դեկտ. 2017-ի երեկոյեան Թէքէեան Կեդրոնին մէ ջ մեծ շութով նշուեցաւ ՌԱԿ-ի 96 ամեակը:
Այս ձեռնարկին մասնակցելու եւ իր պատգամը փոխանցելու համար Արցախէն հրաւիրուած էր Ռ.Ա.Կ. Արցախի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Բարթող Գալստեանը:
Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչները, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս 20-րդ կաթողիկէ հայոց Պատրիարք Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, վերապատուելի Դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ատենապետ եւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պարոն Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Պարոն Աշոտ Վարդանեան եւ դեսպանատան կցորդներ, պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի վարիչ մարմնի ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու մարմնի եւ Լիբանանի Տեղական վարչութեան անդամներ եւ հոծ բազմութիւն մը ներկայ էին ձեռնարկին:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենադպիր Ընկեր Լեւոն Բարսեղեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ռ.Ա.Կ.-ի գերագոյն նպատակը եղած է հայապահպանումը Սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ զօրավիգ կանգնիլը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Ան յայտնեց իր գոհունակութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որդեգրած է Ռ.Ա.Կ.-ի դաւանած ազատ տնտեսական գաղափարախօսութիւնը՝ հիմնուած անձնական ձեռներէցութեան, դրամագլուխի եւ տաղանդի համագործակցութեան ու օրէնքի առջեւ բոլոր քաղաքացիներու հաւասարութեան վրայ: Սփիւռքի մէջ Ռ.Ա.Կ.-ի նպատակը եղած է ազգապահպանումը, մեզ հիւրընկալող երկիրներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը, Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջեւ կապերու ամրապնդումը: Արցախի պարագային, Ռ.Ա.Կ.-ի նպատակը եղած է սատարել մեր ժողովուրդին եւ օժանդակել անոր պետականութեան:
Բացման խօսքի աւարտին, Ընկեր Բարսեղեան հրաւիրեց Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթոր Աւետիս Տագէսեանը փոխանցելու համար իր օրուան խօսքը: (Ընկեր Տագէսեանի խօսքը տեսնել առանձին):
Գեղարուեստական բարձրակարգ յայտագիրին մաս կազմեց հայրենի վաստակաւոր ջութակահար Յովհաննէս Կարախանեան, որ երկու երաժշտական կտորներ նուագեց իւրայատուկ ոճով՝ ներկաներու գնահատանքին արժանանալով:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Արցախի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Բարթող Գալստեան իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար ներկաներուն: Ընկեր Գալստեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդի եւ պետականութեան պայքարին մնալու համար հողին վրայ: Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ Ռ.Ա.Կ.-ի դերին եւ գործունէութեան՝ որպէս երկրամասին քաղաքական կեանքի խճանկարին մէկ գործօն անդամը: Ապա Ընկեր Գալստեան սահիկներու ցուցադրութեամբ անդրադաձաւ Արցախի առօրեայ կեանքին, Կուսակցութեան հանդիպումներուն Արցախի ղեկավարութեան հետ, քառօրեայ պատերազմին եւ անոր յաղթական աւարտին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու:
Իր խօսքի աւարտին ընկ. Գալստեան ՌԱԿի Արցախի կառոյցին անունով յուշանուէր մը յանձնեց ընկ. Տոքթ. Տաքեսեանին:
Ընկեր Լեւոն Բարսեղեան խօսեցաւ Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան մեծ բարերարին ազգային-միութենական գործունէութեան մասին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան, մարդ մը, հայ մը, Ռամկավար Ազատական մը, ազգային հասարակական գործիչ մը, հայրենասէր մը: Շնորհիւ իր մարդասիրութեան, վեհանձնութեան, առաքինի նկարագիրին եւ առատաձեռնութեան, յարգուած ու սիրուած է բոլորէն անխտիր:
Ընկեր Պապահէքեանի ազգային, հասարակական, գործունէութեան շրջագիծը լայնածիր ու բազմաշերտ եղած է՝ սկսելով իր պատանեկութենէն՝ որպէս Հ.Ե.Ը.-ական մարզիկ, ապա քայլ առ քայլ բարձրանալով դառնալու համար Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Հ.Ե.Ը.-ի, Ռ.Ա.Կ.-ի եւ Թ.Մ.Մ.-ի կարկառուն ղեկավարներէն:
Ընկեր Պապահէքեան իր ազգային գործունէութեան ընթացքին իր կարելին չէ խնայած՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելու Սփիւռքի գոյութեան եւ հայրենիքի բարգաւաճման: Ընկեր Պապահէքեան իր բարեգործական գործունէութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ աչքի ինկած է Խորհրդային Հայաստանի օրերէն ու կը շարունակէ առ այսօր նպաստել Հայրենիքի բարգաւաճման:
Այս օրերուն Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան, շարունակելով իր հայրենանուէր ծառայութիւնը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պարոն Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանութեան աջակցութեամբ Հայաստան ղրկած է լիբանանեան մայրիի մեծաթիւ տունկեր:
Փառք ու պատիւ մեր հայազգի բարերարներուն, որոնք միշտ օգտակար դարձած են մեր ազգի զաւակներուն Սփիւռքի մէջ թէ Հայրենիքի: Այս առթիւ կը հրաւիրենք Ընկեր Պապահէքեանը եւ Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթոր Աւետիս Տագէսեանը, որպէսզի պարգեւատրեն մեր հաւատաւոր վեթերան ընկերուհիներն ու ընկերները»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան 45 տարիներներ եւ աւելի Կուսակցութեան միջոցով ազգին ծառայած հաւատաւոր կուսակցական ընկերուհիներ եւ ընկերներ Ընկեր Պապահէքեանի եւ Ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի ձեռամբ ստանալու համար իրենց գնահատանքի մետալները:
ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան անունով ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան ընկ. Եւ ընկհի Պապահէքեաններուն յանձնեց օրուայ յատուկ յուշանուէրը:
Յիշատակելի ձեռնարկ մը արդարեւ: Իսկապէս գնահատելի արարք է արժեւորել մեր երախտաւորներուն գործը: Արդարին գործը միշտ պէտք է յիշուի: Անոր գնահատումը ազգային պարտականութիւն է: Այս ձեւով պիտի բարձրանայ հայ մարդուն արժէքը եւ ինքնագնահատումը:
Հոգեշնորհ Հայր Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի Պահպանիչով փակուեցաւ ձեռնարկը:
Աւարտին hատուեցաւ 96-ամեակի յատուկ կարկանդակը:
Վարձքը կատար մեր հայ ազգի բոլոր բարերարներուն, կազմակերպիչներուն եւ գնահատուող ընկեր-ընկերուհիներուն եւ ՌԱԿի հաւատաւոր անդամ, համակիր եւ բարեկամ բոլոր ներկաներուն: