«Դասաւանդէ Հայաստան» ծրագիրով ՀՀ-էն խումբ մը մանկավարժներ գործուղուած են Արցախի դպրոցներ: Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեանը:
Անոր խօսքով` ծրագիրին ծիրէն ներս՝ ներկայիս ՀՀ-էն ժամանած երկու ուսուցիչ կը դասաւանդէ Քաշաթաղի շրջանի Վաղազին, մէկական` Մարտունիի շրջանի Նորշէն եւ Շուշիի շրջանի Եղծահող համայնքներուն մէջ:
«Այդ ծրագիրէն բացի, կը գործէ ԱՀ կառավարութեան որոշումը` մանկավարժին այլ վայր ուղեգրելու մասին, որուն համաձայն, եթէ մանկավարժը իր բնակութեան վայրէն 30 քմ հեռաւորութեամբ գտնուող այլ վայր կը տեղափոխուի` աշխատելու նպատակով, կը տրամադրուի բնակարան, նաեւ աշխատավարձը յիսուն տոկոսով աւելի կը տրուի»,- ըսած է փոխնախարարը եւ աւելցուցած, որ ընդհանուր առմամբ Արցախի մէջ այս ծրագիրին մասնակցած է աւելի քան 196 մանկավարժ: Ներկայիս կ’աշխատի 83 ուսուցիչ:
Մ. Համբարձումեան նշած է, որ Արցախի դպրոցներուն մէջ մասնաւորապէս բնագիտական առարկաներու եւ օտար լեզուի մասնագէտներու կարիք կայ:
«Կան գիւղեր, ուր ստիպուած որոշ առարկաներու ժամաքանակները կը յատկացուին այլ առարկաներու մասնագէտներուն` հաշուի առնելով մէկ կողմէն մասնագէտներու պակասը, միւս կողմէն` եղած ժամաքանակի սղութիւնը»,- աւելցուցած է ԿԳՍ փոխնախարարը: