Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Խմբագրատանս Մէջ. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի Փոխատենապետ Պրն. Գրիգոր Թէրզեանին Հետ

Այսօր՝ 29 Նոյեմբեր 2017 «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի կազմակերպած ռատիոթոնի օրն է, որուն ընթացքին լիբանանահայութիւնը իր լուման՝ հոգիին պարտքը պիտի նուիրաբերէ Արցախին:

Այս առիթով երէկ երեկոյեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ պատիւը ունեցանք հիւրընկալելու մեզի համար սրտամօտիկ անձնաւորութիւն մը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի Փոխատենապետ Պրն. Գրիգոր Թէրզեանը:

Մեր սիրելի հիւրին հետ հանդիպումը առիթ մըն էր վեր առնելու հիմնադրամի անզուգական կարեւորութիւնը Հայաստանի ու Արցախի վերականգնման ու զարգացման վեհ գործին մէջ:

Պրն. Թէրզեան մեզի յիշեցուց որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր գործունէութեան ընթացքին մշակած ու ձեռնարկած է բազմազան ծրագիրներ:

Մեր հարցումին թէ, Հիմնադրամը ի՛նչ չափանիշերու կը դիմէ տուեալ ծրագիր մը որդեգրելու համար, մեր հիւրը մեզի լուսաբանեց՝ ըսելով, որ «ծրագիրներու ուղղութիւնները կը քննարկէ եւ կը հաստատէ Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը: Ռազմավարական այս ծրագիրները կ’ընդգրկեն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ առկայ հրատապ խնդիրները, որոնց լուծումը իրապէս կը պահանջէ համահայկական մասնակցութիւն»:

Ան աւելի եւս խորանալով Հիմնադրամի գործունէութեան մէջ՝ նշեց, որ մեծածաւալ այս ծրագիրներու հետ մէկտեղ Հիմնադրամը կ’իրականացնէ նաեւ տարբեր նպատակային ծրագիրներ, որոնք կ’առաջարկուին անհատ բարերարներու կողմէ: Նմանօրինակ ծրագիրներ կ’իրագործուին տարբեր ոլորտներու մէջ` կրթութենէ մինչեւ շինարարութիւն եւ մարդասիրական օգնութիւն: Ինչպիսին ալ ըլլայ ծրագիրը, Հիմնադրամը՝ որպէս կայուն եւ արդիւնաւէտ աշխատող կառոյց, կեանքի կը կոչէ զայն, սկզբունք ունենալով թափանցիկ հաշուետուութեան բացառիկ համակարգ, որ իր վարկին համար յաւելեալ արժէք է:

Մեր՝ Հայաստան եւ Արցախ զանազան այցելութիւններով կրնանք վկայել, որ իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին Հիմնադրամի աշխատանքը եղած է պահանջկոտ եւ հետեւաբար չափազանց գնահատելի, որ միշտ ձգտած է բարեկեցիկ կեանք ստեղծել Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն համար:

«Մենք դեռ երկար ու դժուարին ճամբայ ունինք անցնելու: Շնորհիւ իւրաքանչիւր հայու, որ անտարբեր չէ իր Հայրենիքին նկատմամբ, եւ անպայմանօրէն իր ձեռքը կ’երկարէ անոր, մենք դրական փոփոխութիւններ  կ’արձանագրենք»,- աւելցուց Պրն. Թէրզեան:

Պրն. Թէրզեան կարեւորեց այն հանգամանքը, որ Հիմնադրամը ուղղակիօրէն բարեգործութիւն չ’ըներ անհատի, ինչպէս Հայրենիքի մէջ ապրող հայրենակիցները կրնան ակնկալել:

Ճի՛շդ է Պրն. Թէրզեանին մատնանշումը: Հիմնադրամը զարգացման նուիրուած այնպիսի ծրագիրներ կը յաջողցնէ, որմէ ի վերջոյ պիտի օգտուի ամբողջ հաւաքականութիւնը: Եթէ դպրոց կը շինէ, Հիմնադրամը հայ երեխաներուն ուսումնարան հայթայթած կ՛ըլլայ, ուսուցիչին՝ գործ, հաւաքականութեան՝ ապագայ: Եթէ բնակարանային համալիր է, ապա այդ մէկը գիւղ ու քաղաք հիմնել է յօգուտ Հայրենիքին, հայրենի ընտանիքները բնակարաններով օժտել է: Եթէ ուղիով Հայաստանը կը կապէ Արցախին, ապա ան թթուածին է, որ կ՛ապահովէ Արցախի ժողովուրդին:

Պրն. Թէրզեանի վկայութեամբ այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրագործուած ծրագիրներու ընդհանուր գումարը հասած է շուրջ 300 միլիոն ԱՄՆ տոլարի: «Սակայն եթէ հնարաւոր է հաշուել աւարտած ծրագիրները ու անոնց իրականացման համար օգտագործուած գումարները, աշխատատեղերը, որ բացուած են այդ ծրագիրներուն շնորհիւ, համայնքները, որ հետզհետէ կը զարգանան, ապա չենք կրնար չհաշուել այդ մարդոց, որոնց կեանքը փոխուած է շնորհիւ նոր ուղիի, նոր դպրոցի եւ օգնութեան, որուն կարիքը իսկապէս շատ ունին անոնք»,- իր միտքը աւելի եւս յստակացուց Պրն. Թէրզեան:

Ինչպէս ծանօթ է, այս տարուան ռատիոթոնը կ՛ընթանայ «Բերքառատ Արցախ» կարգախօսով։

Արդարեւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը՝ նկատի ունենալով, որ Արցախցի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը զբաղի հողագործութեամբ, Արցախցին հողին վրայ պահելու շատ կենսական նախաձեռնութեամբ մը, այս տարուան համար մշակած է ծրագիր մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել հայ հողագործին գլխաւոր հարցը՝ ոռոգման ջուրի ապահովումը. Արթեզեան ջրհորներ հորատելով եւ ոռոգման ցանցեր կառուցելով. ծրագիր մը, որ բաւական դժուար իրագործելի եւ ծախսալից է Արցախիին համար։

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը այս տարուան իր դրամահաւաքի հասոյթը պիտի յատկացնելէ ետք վերոյիշեալ  ծրագրին, պիտի ստանձնէ նաեւ Արցախի տարածքին զանազան հանրային կառոյցներու (հիւանդանոցներու, դպրոցներու, բնակելի շէնքերու) վրայ արեւային ուժանիւթով բանող վահանակներ զետեղելու ծրագրի իրականացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ անվճար տաք ջուր եւ ելեկտարականութիւն  ապահովել ամբողջ տարուան ընթացքին:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հիմնադրման 25-ամեակին զուգադիպող այս տարուան դրամահաւաքին առիթով Պրն. Թէրզեան մեր թերթին միջոցաւ կոչ ուղղեց համայն լիբանանահայութեան միասնաբար եւ ազգային պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ մասնակցիլ դրամահաւաք-Ռատիոթոնին այսօր  առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ: Ան սրտագին շեշտեց, որ իւրաքանչիւր հայորդի նոյնիսկ ամենափոքր նուիրատուութիւնով կրնայ յաջողցնել Արցախի ժողովուրդին համար օգտակար այս ծրագրին իրականացումը, որ մեծապէս պիտի օգնէ Արցախի բարգաւաճման՝ ինքնաբերաբար  նպաստելով Արցախի պետութեան հզօրացման եւ անկախութեան ամրագրման։

Մեր ձայնը միացնելով Պրն. Թէրզեանին եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնին՝ մենք ալ մեր կարգին կոչ կ’ուղղենք մեր սիրելի ընթերցողներուն եւ անոնց միջոցաւ ամբողջ լիբանանահայութեան՝ միասնաբար կանգնելու Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին, որպէսզի մեր հայրենիքը դարձնենք աւելի բերքառատ եւ ունենանք ԲԵՐՔԱՌԱՏ ԱՐՑԱԽ:

«Խմբ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին