Աշխատանքային այցով Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքը գտնուող ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը «Լը Սեզար» թատրոնին մէջ մասնակցած է «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրման: «Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցած է Շառլ Ազնաւուրի անուան ամէնամեայ գրական մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: 2017 թուականի մրցանակին արժանացած է ֆրանսացի գրող Նիկոլա Պանիոլը` «Մարսէլ Պանիոլ, 1895-1974 թթ. մի կեանքի ալպոմ» գիրքի համար:
Մինչ գրական մրցանակի յանձնումը, տեսաուղերձով ներկաներուն ողջունած է աշխարհահռչակ հայազգի երգիչը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորած է Երեւանի եւ Մարսէլի քաղաքապետներուն՝ երկու քաղաքներու համագործակցութեան եւ բարեկամութեան 25-ամեակի առթիւ:
Աւելի ուշ Հրանոյշ Յակոբեանը մասնակցած է «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի հիմնադրման տօնակատարութեան եւ համերգի ընթացքին պարգեւներ յանձնած է երգչախումբի անդամներու:
Նշենք, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով կը գտնուի Ֆրանսա ուրկէ պիտի անցնի Զուիցերիա: Նախարարին այցը պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 2:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, նախարարը կ՛այցելէ Մարսէլի, Վալանսի, Լիոնի, Կրենոպլի, իսկ Զուիցերիոյ մէջ` Ժընեւի հայկական համայնքներ, հանդիպումներ կ’ունենայ կրթամշակութային, համահայկական, հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ, պարգեւներ պիտի յանձնէ համայնքային գործիչներուն, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի շարք մը ձեռնարկներու եւ յոբելենական տօնակատարութիւններու:
Այցի ծիրէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան կը հանդիպի նաեւ Լիոնի քաղաքապետ Գէորգ (Ժորժ) Կեպէնեկեանին եւ Մարսէլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտենին: