Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի եւ «ՆՈՐ ՕՐ»-ի Դոկտ. Անումեանի Դասախօսութիւնը՝ Նուիրուած Ցեղասպանութեան Եւ Երիտթուրքերու Դատական Վաւերագիրներուն.

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20-ի երեկոյեան, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ, Ալթատինա, տեղի ունեցաւ թրքագէտ եւ պատմաբան, հայրենի երիտասարդ մտաւորականներէն

Դոկտ. Մելինէ Անումեանի երկրորդ դասախօսութիւնը։ Նիւթ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը Երիտթուրքերու դատական վաւերագիրներուն մէջ՝ 1919-1921։

Հանդիսավարն էր ընկ. Հրաչ Սեփեթճեան, որ յանուն կազմակերպիչ մարմիններուն՝ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին հանդէս եկաւ բացման խօսքով։ Ապա օրուան յարմար քաղաքական պատշաճ ելոյթով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ
Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։

 

Ընկ. Սեփեթճեան ներկայացնելէ ետք դասախօսուհիին կենսագրական գիծերը զինքը բեմ հրաւիրեց։ Դոկտ. Անումեան, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ՝ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրելով աւելի քան 70 լուսապատկերներ, իր դասախօսութեամբ ներկաները տարաւ հարիւր տարիներ ետ։ Երիտթուրքերու դատավարութիւններու փաստաթուղթերը կը պարունակեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը հաւաստող անհերքելի ապացոյցներ՝ հաստատելով հայերու կոտորածներու կանխամտածուած բնոյթը։ Զեկուցումին ընթացքին ներկայացուեցան 1919-21 տեղի ունեցած Երիտթուրքերու բոլոր դատավարութիւնները, որոնք օսմաներէնէ թարգմանուած էին Դոկտ. Մելինէ Անումեանի կողմէ։

Հանդիսութեան ընթացքին ոգեշնչող իր ձայնով մեներգեց Դաւիթ Սամուէլեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արամ Լեփեճեանի։ Անոնք երկու առիթներով  մեկնաբանեցին «Ատանայի ողբը», «Գետաշէն», «Կիլիկիա», «Անդրանիկ փաշա» եւ «Ձայն մը հնչեց» երգերը։

ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան անդամ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեանի փակման խօսքով աւարտին հասաւ դասախօսական երեկոն։ Մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները Դոկտ. Անումեանին, անոր պատրաստած եւ ներկայացուցած զոյգ դասախօսութիւններուն առթիւ։

Դասախօսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին ՌԱԿ-ի երկարամեայ պատասխանատուներէն, ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ ընկ. եւ տիկին Յակոբ Գասարճեանները։

Տեղին է նշել, որ ձեռնարկէն վերջ ընկ. Գասարճեան  հանգամանօրէն ներկայ գտնուեցաւ  Պեվըրլի Հիլզի Հիլթըն պանդոկէն ներս կազմակերպուած Լիբանանի անկախութեան 74րդ տարեդարձի ձեռնարկին, հրաւէրովը Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս ՝ Ճոնի Իպրահիմի կողմէ։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին