«Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան յայտարարութիւն տարածած է, որով կը տեղեկացնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուան դրամահաւաքին իր մասնակցութեան մասին:
«Այսօր պիտի կայանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ դրամահաւաքը: Ան իսկապէս մեծ նշանակութիւն ունի Արցախի եւ անոր ժողովուրդին համար: Իւրաքանչիւր տարի ես եւս իմ ֆինանսական մեծ ներդրումը ունեցած եմ կարեւորագոյն այս գործին մէջ: Ես Արցախի ու անոր ժողովուրդին հանդէպ առանձնայատուկ վերաբերմունք ունիմ, անոնք շատ թանկ են ինծի համար եւ այդ է պատճառը, որ Արցախի մէջ իմ կողմէ իրականացուող աշխատանքները շարունակական են` վերաբնակեցուած համայնքներու բնակիչներուն դրամական աջակցութիւն, գիւղատնտեսական սարքերու եւ մեքենաներու նուիրատուութիւն, Արցախի ընկերա-տնտեսական զարգացման ուղղուած բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման համար անհրաժեշտ խոշոր գումարներու նուիրատուութիւն:
Իսկ այս անգամ ես որոշած եմ, յանուն Արցախի եւ անոր անվտանգութեան, հանդէս գալ եւս մէկ մեծածաւալ նախաձեռնութեամբ: Իմ միջոցներով Արցախի մէջ պիտի կառուցուի միանգամայն նոր, բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով ապահովուած զօրամաս, քանի որ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրիս գերնպատակն ու գերխնդիրը պէտք է ըլլայ Արցախի անվտանգութեան ամրապնդումն ու խաղաղութեան ապահովումը:
Այս զօրամասի կառուցման հողային աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են, իսկ հիմնական շինարարարութիւնը պիտի մեկնարկէ գարնան: Պիտի ապահովուի նաեւ այդ զօրամասի մշտական ջրամատակարարումը: Կը կարծեմ, իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ապացուցէ Արցախի հանդէպ ունեցած իր սէրը: Եւ ուրեմն յանուն մեր բոլորի Արցախին` հնարաւոր ամէն բան ընենք հայկական երկրորդ պետութեան բարօրութեան եւ անվտանգութեան համար»,- ըստ «Փանորամա»-ի՝ ըսուած է յայտարարութեան մէջ: