Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 21-ին ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Հանդիպման սկիզբը Հանրապետութեան Նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ ՀՀ-ի եւ ՌԴ-ի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին, Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրին 20-ամեակի տարին արգասաբեր էր երկկողմ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:
«Այսօր այդ յարաբերութիւնները կը բնութագրուին իրապէս դաշնակցային: Ես լիովին կը կիսեմ այդ կարծիքը, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ կ՝առանձնանան քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակով, արտաքին քաղաքականութեան լայն համակարգումով, միջազգային հարթակներու վրայ արգասաբեր համագործակցութեամբ, տնտեսական, ռազմական, ռազմաճարտարագիտական, մարդասիրական ոլորտներու մէջ շատ լաւ փոխգործակցութեամբ»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան` այդ բոլորին մէջ կարեւոր համարելով աշխոյժ փոխայցելութիւնները, որոնց ծիրէն ներս միայն վերջին քանի մը ամիսներուն Հայաստան այցելած են ՌԴ կառավարութեան նախագահը, արդիւնաբերութեան, կրթութեան, առողջապահութեան նախարարները, այս օրերուն կը կայանայ արտաքին գործոց նախարարին այցը:
Հանրապետութեան նախագահը նշած է նաեւ համատեղ իրականացուած բազմաթիւ քայլերը` Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային համաժողովը, Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային համաժողովը, Հայ-ռուսական երիտասարդական համաժողովը, ամսուան սկիզբը իրականացուած միջխորհրդարանական յանձնաժողովի յոբելինական 30-րդ նիստը:
Նշելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն կը զարգանան, նախագահը ընդգծած է, որ այսուհետեւ նոյնպէս պէտք է շարունակել աշխատանքը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման՝ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:
Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ողջոյնները, որուն հետ Հայաստանի նախագահը օրերս պաշտօնապէս բացաւ «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերը»` Մարտիրոս Սարեանի ցուցահանդէսով:
Նախարարը հանդիպման ժամանակ ներկայացուցած է Հայաստան իր պաշտօնական այցին ծիրէն ներս գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպման եւ քննարկումներուն արդիւնքները:
«Ձեզի հետ միասին այսօր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին եւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագիրին 20-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման մասնակցելէն բացի, մենք՝ Էդուարդ Նալպանտեանի հետ, շատ մանրամասն բանակցութիւններ վարած ենք, ելոյթ ունեցած ենք զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն առջեւ, դիտարկած ենք մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ռազմավարական գործընկերութեան բոլոր ոլորտները, ինչի մասին Դուք բաւական հանգամանալից նշեցիք: Պիտի չկրկնեմ, քանի որ իրականութեան մէջ, չկայ մարդկային գործունէութեան որեւէ ոլորտ, որուն մէջ Ռուսիան ու Հայաստանը չունենան գործնական փոխգործակցութեան ո՛չ թէ ձեւական, այլ իրական կառուցակազմ: Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ Դուք բարձր կը գնահատէք արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ մեր համագործակցութիւնը: Պիտի աշխատինք արդարացնել Ձեր եւ Ռուսիոյ նախագահի վստահութիւնը»,- Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: