1 Հոկտ. 2017
«Միրաք»-ը Այցելեց «DigiTec Expo -2017»-ը
«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումը Կիրակի, 1 Հոկտեմբերին այցելեց 13-րդ ամէնամեայ ՏիճիԹէք (DigiTec Expo 2017) թեխնոլոկիական ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին մասնակցած էին ՏՏ ոլորտի առաջատարներն ու թեխնօ հասարակութեան ներկայացուցիչ շուրջ 150 տեղական եւ միջազգային ընկերութիւններ:
«Միրաք»-ականները շրջեցան ցուցահանդէսի բաժիններուն մէջ եւ ծանօթացան մասնակից ընկերութիւններու կողմէ առաջարկուած հեռահաղորդակցութեան եւ ցանցային, համապարփակ ճարտարապետական, թեխնոլոկիական, ծրագրային, ուէպ եւ այլ ծառայութիւններուն:
Ցուցահանդէսին ծիրէն ներս ցուցադրուող հայկական արտադրութեան սարքերն ու ծրագիրները մեծապէս ոգեւորեցին «Միրաք»-ականները եւ հպարտութեան ու ներշնչանքի աղբիւր դարձան՝ իրենց ապագան նորարական եւ Հայաստանի մէջ օրըստօրէ աճող եւ զարգացող այս ոլորտին մէջ տեսնելու առընթեր:
8 Հոկտ. 2017
«Միրաք»-Եան Աշխոյժ Օր
«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման 8 Հոկտեմբեր 2017-ի կիրակնօրեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնէն ներս: Ողջունելով անդամները՝ «Միրաք»-ի պատասխանատու ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան ներկայացուց օրուան ծրագիրը: Այնուհետեւ «Միրաք»-ականները բաժնուեցան չորս խումբի՝ Վան, Մուշ, Կարս եւ Պայազէտ:
Մրցախաղը վարեց աւագ «Միրաք»-ականներէն Մարինա Յարութիւնեանը: Մրցումը կը բաղկանար տրամաբանական եւ սրամիտ հարց-պատասխանի խաղերէ: Մրցոյթին «ժիւրի» անդամ հանդիսացան Ծնողաց յաձանխումբի ներկայացուցիչները:
Չորս խումբերն ալ աշխոյժ եւ խանդավառ մասնակցութիւն բերին եւ յաղթող նկատուեցաւ ընկերութիւնը:
15 Հոկտ. 2017
«Երեւանը Մենք Ենք». Միրաք
Այս տարի՝ 2017-ի 14 Հոկտեմբերին զուգադիպած էր մեր ջերմ եւ բարի Երեւանի տարեդարձը, որ դարձաւ 2799 տարեկան: «Էրեբունի-Երեւան»-ը իր 2799-ամեակը նշեց «Երեւան՝ սիրոյ քաղաք» կարգախօսով: «Միրաք»-ը անմասն չմնաց տօնական այս մթնոլորտէն:
Կիրակի, 15 Հոկտեմբերի կիրակնօրեայ հաւաքը նուիրուեցաւ Երեւանի տօնին: «Միրաք»-ականները շրջեցան Երեանի փողոցներով, վայելեցին եւ ծանօթացան տօնին առթիւ Երեւանի գլխաւոր ու երկրորդական փողոցներուն, հրապարակներուն ու այգիներուն մէջ զետեղուած տօնական ձեւաւորումով պաստառներուն ու գովազդային վահանակներուն:
Օփերայի հրապարակին մէջ խաղային մեթոտներով, աւագ անդամներուն կողմէ Երեւանի մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան «Միրաք»-ականներուն:
Հանդիպման աւարտին «Միրաք»-ականները իրենց սիրելի եւ հինաւուրց մայրաքաղաքի բնակիչներ ըլլալու հպարտութեամբ տոգորուած բաժնուեցան՝ իրենց մէջ առաւել եւս ամրապնդելով սէր ու պատկանելիութիւն բոլոր հայերու մայրաքաղաք հանդիսացող եւ զարգացող մայրաքաղաքներու շարքին ուրոյն տեղ գրաւող Երեւանի հանդէպ:
22 Հոկտ. 2017
Մեծ Հայքը Մեր Երազն Է, Որ Իրականացած Պիտի Տեսնենք. Միրաք
Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2017-ին, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական շարժման կիրակնօրեայ հերթական հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ յարգարժան ընկ. Ասատուր Տեվլէթեանը:
«Միրաք»-ի գլխաւոր թեման Պատմական Հայաստանն էր՝ Մեծ Հայքի 15 նահանգերը:
Անոնք ցաւով նշեցին, որ պատմութեան ընթացքին 300,000 ք.մ. քառակուսի հայկական հողատարածքէն այսօր մնացած է ընդամէնը շուրջ 30,000 ք.մ. քառակուսի պատմական դառն ճակատագիրի պատճառով , այսինքն` պատմական Հայաստանի մէկ տասներորդը:
Ընկ. Ասատուր Տեվլէթեան աւարտին խօսք առնելով՝ շեշտեց, որ շատ քաջալերական է «Միրաք»-ականներու կողմէ Մեծ Հայքի մասին ներկայացուած ծանօթութիւնը, սակայն պէտք չէ բաւարարուիլ հպանցիկ ծանօթութեամբ, այլ պէտք է ունենալ այդ տարածքներուն մեզ պատկանելու գիտակցութիւնը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Պատմութեան կը դիմանայ միայն իրաւունքը եւ այդ իրաւունքին վրայ պիտի դնենք մեր գրաւականը եւ պիտի պայքարինք անոր համար»:
Ծրագրի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր Լոնտոնաբնակ լուսանկարիչ եւ ճամբորդութեանց սիրահար, «Տիսքավըրի» կայանի աշխատակից Ռաֆֆի Եուրէճեանին: Ան իր կողմէ առնուած գեղեցիկ լուսանկարներու միջոցաւ «Միրաք»-ի պատանիներուն ներկայացուց 7 մայր ցամաքամասեր կատարած իր ճանապարհորդութիւնները՝ մատնանշելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը:
29 Հոկտ. 2017
«Միրաք»-ը Գիտէ Յաղթել Եւ Գագաթներ Նուաճել
29 Հոկտեմբեր 2017-ն «Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական Շարժումի անդամներուն համար յիշարժան օր էր:
Երկար սպասուած ճանապարհորդութիւնը արդէն իրականութիւն էր: Խումբը «Միրաք»-ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի, փորձառու լեռնագնացներ՝ Ռաֆֆի Եուրէճեանի եւ Իսկուհի Մկրտչեանի հետ հասաւ Հատիս: Խումբին կ’ընկերակցէր նաեւ «Միրաք» պասքեթպոլի խումբի մարզիչ Հայկ Առաքէլեանը:
Աննկուն կամքով եւ ոգեւորութեամբ սկսաւ «Միրաք»-ականներու վերելքը: Առաջին հայեացքով այնքան բարդ չէր թուեր ուղեւորութիւնը, սակայն զօրաւոր քամին եւ փոթորիկը բաւական բարդացուցին առաջընթացը: Այնուհանդերձ խումբը մէկ մարդու նման, առանց մասնատուելու իրար ուժ տալով՝ շարունակեց ճանապարհը:
Լեռ բարձրանալու ճանապարհին անոնք հաճելի հանդիպում մը ունեցան ՀՀ Տարածքային կառավարման նախարարութեան միկրացիոն պետական գործակալութեան պետ Գագիկ Եկանեանի հետ: Ան ուրախութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար եւ ողջունեց պատանի-ուսանողներու նման օգտակար միջոցառումով զբաղելու փափաքը:
«Միրաք»-ականները առաւել գօտեպնդուած շարունակեցին ճանապարհը լեռն ի վեր: Քիչ անց գագաթը նուաճուած էր: Բոլորը ուրախ կը ողջագուրուէին, ինչպէս ընդունուած է ընել լեռնագնացներու չգրուած օրէնքներուն մէջ:
«Միրաք-»ականները նեղ ժամանակի մէջ սահմանափակուելով հանդերձ՝ փոթորկոտ եղանակին ծածանեցին «Միրաք»-ի եւ ՌԱԿ-ի դրօշները, գագաթէն ողջոյնի խօսք յղեցին ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ ընկերներուն: Շնորհակալութիւն յայտնեցին մասնաւորաբար Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Ասատուր Տեվլէթեանին, որ նախորդ Կիրակի «Միրաք»-ի հիւրը ըլլալով, յորդորած էր անպայման իրականացնել լեռնագնացութիւնը եւ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերած էր ծրագրի յաջողութեան համար: «Միրաք»-ականնրը վայելեցին նուաճումի հաճոյքը, հաղորդուեցան գեղեցիկ բնութեան հետ եւ մեծ եռանդով բռնեցին վերադարձի ճամբան: