Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 21-ին այցելած է Սեն Շամոն քաղաք ու հանդիպում ունեցած քաղաքապետի, տեղական իշխանութիւններու պատասխանատուներու, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին շնորհիւ Արցախի պատուիրակութիւնը ինքզինք կը զգայ հարազատ օճախին մէջ:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Ֆրանսայի ժողովուրդը հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամն է, եւ Արցախը շահագրգռուած է Ֆրանսայի՝ անոր տարբեր վարչական միաւորումներու, քաղաքներու եւ համայնքներու հետ փոխգործակցութեան խորացումով:
Անդրադառնալով Ֆրանսուա Ռոշպլուանի գործունէութեան` նախագահ Սահակեան զայն բնութագրած է՝ իբրեւ մարդասիրութեան, անկեղծ բարեկամութեան, սկզբունքայնութեան, համամարդկային արժէքներու հաւատարմութեան օրինակելի դրսեւորում` բարձր գնահատելով անոր ներդրումը Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններու եւ հայ-ֆրանսական կապերու ամրապնդման ու ընդլայնման գործին մէջ: