ՀՀ արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 17-ին ընդունած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի փորձագիտական խումբի ներկայացուցիչները:
ԱՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքին նախագիծը, անդրադարձած անոր շարք մը դրոյթներուն եւ խնդրայարոյց կէտերուն:
Հանդիպման աւարտին նախարարը պատասխանած է փորձագէտները հետաքրքրող հարցերուն, լսած է նախագիծի շարք մը դրոյթներուն վերաբերեալ վերջիններուս առաջարկներն ու շնորհակալութիւն յայտնած միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն սահմանադրական օրէնքի նախագիծի մշակման աշխատանքներուն մէջ կառուցողական համագործակցութեան համար:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Վենետիկի յանձնաժողովէն փրոֆէսոր Փերէ Վիլանովա Թրիասը, Փիեր Կարոնը, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-էն` Ալեքսէյ Կրոմովը եւ Վասիլ Վաշչանկան: