Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Հայ Գիրքի Համահայկական 38-րդ Ցուցահանդէսի Բացում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին Կիրակի, Նոյեմբեր 19-ին, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի 38-րդ համահայկական ցուցահանդէսին բացումը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, մտաւորականներ եւ ընթերցասէր հոծ բազմութիւն մը:

Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ հայրապետական թափօրով` դէպի ցուցահանդէսին տաղաւարը, ուր վեհափառ հայրապետը կատարեց պաշտօնական բացումը: Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ծաղկեցուց հանդիսութիւնը փունջ մը ազգային ու կրօնական երգերով:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք ներկաները բացուած յայտարարեց Հայ գիրքի 38-րդ համահայկական ցուցահանդէսը: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին Հայ գիրքին ձօնած «Լո՜յս տեսաւ…» բանաստեղծութիւնը ընթերցեցին երիտասարդ միաբաններէն Վաչէ վրդ. Պալըքճեան եւ Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան: Քերթուածը ո՛չ միայն վեհափառ հայրապետին ներքին ապրումներուն ու հայ գիրքին հանդէպ ունեցած սիրոյ ու գուրգուրանքին արտացոլումն էր, այլ նաեւ մեր սփիւռքեան իրականութեան դրսեւորումը: Բանաստեղծական ոճով պարուրած իր տողերով, վեհափառ հայրապետը իրապաշտ կերպով կը բնութագրէ հայ գիրքին ապրած անցեալն ու ներկան: «Լո՜յս տեսաւ»-ով կը շեշտուի գիրքին եւ մանաւանդ հայ գիրքին լուսաւորման աղբիւր ըլլալը:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» քայլերգով:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 10, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 7:00:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին