Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան (ԱԻՆ) մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով Նոյեմբեր 22-ին Բարենցի ծովէն ներխուժող ցուրտ ճակատի անցումով՝ բոլոր մարզերուն մէջ կը սպասուին տեղումներ` Շիրակի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի լեռնային շրջաններուն մէջ` ձիւնի տեսքով, Լոռիի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի նախալեռնային շրջաններուն մէջ` ձնախառն անձրեւի, Տաւուշի, Արարատի, Արմաւիրի, Սիւնիքի հովիտներուն եւ Արցախի մէջ` անձրեւի տեսքով:
Նոյեմբեր 22-ին կը սպասուի քամիի ուժգնացում, առանձին հատուածներու մէջ 20-25 մ/վ, լեռնային մարզերու մէջ` բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն:
Օդի ջերմաստիճանը Նոյեմբեր 22-ի ցերեկը պիտի նուազի 6-8 աստիճանով:
Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 20-ի գիշերը կը սպասուի անձրեւ: Նոյեմբեր 20-ի ցերեկը եւ 21-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, 22-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուին տեղումներ, բարձրադիր գօտիներուն մէջ ձիւնախառն անձրեւի, ցած հատուածներուն մէջ` անձրեւի տեսքով: