Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Բարեկամութեան Հռչակագիր` Ֆրանսական Ալֆորվիլի եւ Արցախի Բերձորի Միջեւ

«Ֆրանսական Ալֆորվիլ քաղաքը չ՛ենթարկուիր ճնշումներու: Նոյեմբեր 19-ին հայկական մեծ համայնք ունեցող բնակավայրը բարեկամութեան հռչակագիր պիտի ստորագրէ Բերձորի հետ` ամրապնդելով իր երկարատեւ բարեկամութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հետ»,- կը տեղեկացնէ «Parizen» պարբերականը:

Քաղաքապետ Կերչինովեց յայտարարած է, որ, ցաւօք, արտաքին գործոց նախարարութիւնը թոյլտուութիւն չէ տուած Արցախի որոշ ներկայացուցիչներու մուտք գործել երկիր` մասնակցելու այդ արարողութեան:

 «Ես խոր ցաւ կ՛ապրիմ, որ պետական մարմինները այս փուլին կը խոչընդոտեն բարեկամութիւնը երկու ժողովուրդներու միջեւ»,- «Ապարաժ»-ի փոխանցմամբ՝ նշած է քաղաքապետը:

Այնուամենայնիւ, Ալֆորվիլի մէջ կը պատրաստուին ստորագրել հռչակագիրը, որուն տեսակապի միջոցով ներկայ պիտի ըլլան նաեւ  Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան:

Մօտ ապագային կը նախատեսուի Ալֆորվիլի պատուիրակութեան այցը Բերձոր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին