Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

ԱԻՄ Առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանը Հացադուլ Սկսած է ԿԸՅ-ի Դիմաց

ԱԻՄ առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանը այսօր առաւօտէն հացադուլ սկսած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) շէնքին դիմաց: Այս մասին կը հաղորդէ «Panorama.am»-ը։

Հայրիկեանը կը փափաքէր կազմակերպել  ստորագրահաւաք Սահմանադրական փոփոխութիւններ կազմակերպելու համար, սակայն ԿԸՅ-էն պատասխանած են, որ Հայաստանի «հանրաքուէի մասին» օրէնքը չի նախատեսեր քաղաքացիական նախաձեռնութիւն: ԿԸՅ-ի բացասական պատասխանը պատճառ դարձած է հացադուլի դիմելու:

«Կայ սահմանադրական փոփոխութիւններ նախաձեռնելու իրաւունք  քաղաքացիներու համար, բայց այդ քաղաքացիներուն թիւը պէտք է 200 հազարէն պակաս չըլլայ: Եթէ հաւաքենք պահանջուած 200.000-ը, ԿԸՅ-ն չ՝ընդունիր զանոնք այն պատճառաբանութեամբ, որ համապատասխան ձեւաթուղթի վրայ չէ արձանագրուած: Մինչ երէկ ԿԸՅ-ն մեզի ձեւաթուղթ չէ տուած, աւելին` կ՝ըսեն, որ օրէնքով այդպիսի իրաւունք չկայ: Հացադուլով ես շեշտադրած եմ մեր բողոքը ուղղուած յանձնաժողովի հակասահմանադրական գործողութիւններուն դէմ»,- ըսած է Հայրիկեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին