Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Լիբանանի Նախագահական Պալատ

Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդականի եւ արուեստիցի աշակերտները ընկերակցութեամբ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմաքեանի եւ ուսուցիչներուն մեկնեցան Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին։

Աշակերտները պալատ այցելութեամբ մօտէն իրազեկ դարձան նախագահական պալատի աշխատելաոճին եւ նախագահներու աշխատանքներուն։ Աւարտին, աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ։

Այս առիթով, կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, վարժարանի արաբերէնի բաժանմունքի Սօսի Սարգիսեան խօսք առնելով՝ շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը եւ մաղթեց, որ Լիբանանի ժողովուրդը հաւաքական ճիգերով կը պահպանէ անկախութիւնը եւ միասնաբար կը նպաստէ երկրի զարգացման ու բարգաւաճման աշխատանքներուն։

Սարգիսեան նշեց, որ լիբանանահայերը ինչպէս երէկ, այսօր եւս իրենց բոլոր կարելիութիւններով՝ իբրեւ երկրի անբաժան մէկ մասնիկը, կը շարունակեն ծառայել Լիբանանին ու լիուլի կը կատարեն իրենց վստահուած քաղաքացիական պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները։ Աւարտին, Սօսի Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ ընդունած էր վարժարանի հրաւէրին, որպէսզի աշակերտները մօտէն ծանօթանան ե՛ւ պալատին ե՛ւ նախագահին։

Խմբային լուսանկարէն ետք, աշակերտները վարժարան վերադաձան բարձր եւ ուրախ տրամադրութիւններով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին