Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ցնցուած Եմ Այն Տառապանքներէն, Որոնք Կրած Է Հայ Ժողովուրդը. Հոլանտայի Ծերակոյտի Նախագահ

Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Հոլանտայի Թագաւորութեան Ծերակոյտի նախագահ Անքի Պրուքըրս-Քնոլը ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեանի եւ Հոլանտայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

ԱԺ հանրային կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Ծերակոյտի նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին, ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգած Սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Բարձրաստիճան հիւրը այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Հայոց Մեծ Եղեռնը հաւաստող վաւերագրերուն ու փաստաթուղթերուն, դիտած ցուցանմուշները եւ արձանագրութիւն կատարած է յուշամատեանին մէջ:

Տիկին Անքի Պրուքըրս-Քնոլը նշած է. «Առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուիմ այս թանգարանին մէջ եւ խորապէս ցնցուած եմ այն տառապանքներէն, որոնք կրած է հայ ժողովուրդը: Սարսափելի եւ ահաւոր»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին