Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքը

16 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի քարտուղարութեան նիստը։ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող ներկայ յանձնաժողովին կ՚անդամակցին հայագէտներ ու լեզուագէտներ՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։ Անոր վարիչ-քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Դանիէլեան, որ միաժամանակ Կաթողիկոսարանիս հայագիտական դասընթացքի տեսուչն է եւ դասախօս՝ Դպրեվանքէն ներս։

Յանձնաժողովը լծուած է հանգրուանային կերպով արեւմտահայերէնի առնչուած զանազան հարցերու ուսումնասիրական աշխատանքին. օրինակ՝ քերականութիւն, ուղղագրութիւն, կէտադրութիւն, խնդրայարոյց բառեր եւ այլն…։ Իր աշխատանքներու աւարտին, ան գրքոյկներու ձեւով պիտի հրատարակէ կատարուած ուսումնասիրութիւնները` որպէս ուղղեգիծ արեւմտահայերէնի ուսուցման ու գործադրութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին