Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Կարծրատիպերը Կոտրելու Ժամանակը

*ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ*

Հիմնուելուվ ազատ խօսքի մեր դաւանանքին վրայ ու յարգելով բազմակարծութեան իրաւունքը՝ տեղ կու տանք մեր սիրելի յօդուածագրին սոյն գրութեան:

Մեր կողմէ շեշտելով, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սրբ. Եկեղեցին՝ միշտ մէկ է իր հաւատքով եւ դաւանանքով, մինչ մէկէ աւելի կաթողիկոսութիւններու գոյութիւնը մշտապէս առկայ եղած է Հայոց Պատմութեան ընթացքինմենք այսօր կը հաւատանք, որ 20-րդ դարու կէսին եկեղեցական հարցով տեղի ունեցած ամօթալի ու ցաւալի պատահարներն ու հակամարտութիւնները արհեստականօրէն սարքուած էին, արդիւնք՝ «պաղ պատերազմին» եւ ո՛չ Կաթողիկոսական երկու աթոռներու պատմական ու նաեւ հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան պահպանման մեծապէս սատարած՝ օգտակար գոյութեան:

Հետեւաբար այսօր անոնց միացման կամ նոյն իրավիճակին մէջ պահպանման հետ կապուած հարցերը պարզապէս մանրամասնութիւններ են, որոնք պէտք է վերաբերին ու ձգուին բացառաբար երկու աթոռակալներուն եւ կրօնական դասին հայեցողութեան՝ հեռու ամէն տեսակի պետական միջամտութենէ կամ քաղաքական շահագործումէ:

Վերջապէս Հայ Եկեղեցին նման շահագործումներէ զերծ պահելը պէտք է վերաբերի անշուշտ ո՛չ միայն յօդուածագրին արդարացի եւ առարկայականօրէն նշած նշած կողմին, այլ նաեւ կարգ մը տեղեր եկեղեցին ու կրօնական կառոյցները կուսակցական ակումբի հետ շփոթած եւ ըստ այնմ վարուող կողմին ալ:

«Խմբ.»

«Արջը եօթը երգ գիտէ, եօթն ալ մեղրի մասին» պիտի ըսէր հին  հայկական իմաստուն առածը։ Վերջերս Մայիս 28 եւ յարակից հարցերու կողքին, դարձեալ աշխուժութիւն կը ցուցաբերուի այս անգամ եկեղեցական հարցի հին, անպտուղ եւ հայ համայնքներու խաղաղութիւնը ալեկոծող նախկին ղեկավարներու մեր պատմութեան ոչ վաղ անցեալի ցաւոտ եւ տխուր էջերը վերանորոգելու անսպառ եռանդով գրութիւնները, տպագիր մամուլի եւ համացանցի միջոցով։ Յանուն ի՞նչ բանի կը ծառայեն այսպիսի գրութիւնները եւ ո՞վ կը շահի այս բոլորէն։ Բնականաբար իրենք, մեր վերջին «մոհիկան»-ները իրենց հոգեկան գոհունակութիւնը կը բաւարարեն հին եւ անիմաստ բանավէճեր վերանորոգելով ՝իրենց անիմաստ գոյութիւնը քարշ տալու համար, որովհետեւ այս մարդիկը  քաղաքական,  ազգային-պետական,  գաղափարական էութենէ պարպուած են եւ կը հետապնդեն միայն իրենց փառասիրութիւնը ՝եսակեդրոն եւ ինքնասիրահարուած արատաւոր երեւոյթներով։

        Ի՞նչ պիտի ժառանգեն գալիք սերունդները այսպիսի ղեկավարներու մտածելաձեւէն եւ գործելաոճէն։ Դժբախտաբար միայն ոխ, անհանդուրժողութիւն եւ պառակտուած հայ համայնքներ։ Եկեղեցական հարցով, ցաւք, բաւական գրիչ եւ արիւն հոսեցաւ տասնամեակներէ ի վեր: ԱԼ ԿԸ ԲԱՒԷ՜։  Եկեղեցին կամ եկեղեցական հարցը այն հարթակը չէ, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ներքաշուին մեր ժողովուրդի ներուժը անիմաստօրէն սպառող եւ հիւծող այսպիսի անպտուղ բանավէճերու մէջ։ Քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է զբաղին քաղաքական աշխատանքներով, Հայ Դատի հետապնդման, հայ համայնքներու հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանմամբ , մեր անկախ հայրենիքի հզօրացման, հայրենիքի մէջ ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան ամրապնդման եւ այլն։

        Իսկ ինչ կը վերաբերի եկեղեցական հարցի լուծման իմ տեսակէտին, այսօր մենք ունինք պետականութիւն եւ կառավարութիւն , որուն առընթեր կը գործէ եկեղեցական հարցերով համապատասխան տեսչութիւն։ Խորհրդային շրջանին այդ հարցը  օրուան իշխանութիւններու օրակարգէն դուրս էր, քանի որ կրօնքը եւ եկեղեցին կը համարուէին խորհրդային գաղափարախօսութեան հակոտնեայ երեւոյթներ։ Այստեղ յանուն պատմական ճշմարտութեան, ականատեսներու վկայութեամբ կ՝ուզեմ աւելցնել, որ եկեղեցական հարցի թէժ օրերուն (1943-1958), երբ սփիւռքահայ հայորդիներ դիմած են այն օրերու խորհրդահայ ղեկավարներուն, որպէսզի միջնորդեն եւ միութիւն մը ստեղծուի, անոնք այսպէս պատասխանած են.« Այդ մէկը մեր հարցը չէ, այդ Սփիւռքի հարցն է։»

Բարեբախտաբար հիմա կայ հնարաւորութիւն, որպէսզի պետութիւնը հովանաւորէ երկար սպասուած եկեղեցւոյ միութիւնը: Չմոռնանք նաեւ, որ այսօր մեր եկեղեցականներու (երկու կողմերուն) մէջ կան հոգեւորականներ, որոնք իրենց դիւանագիտական եւ քաղաքագիտական հմտութիւններով չեն զիջիր այսօրուան քաղաքական գործիչներուն եւ կարողութիւնը ունին բանակցութիւններու միջոցով այս հարցը իր տրամաբանական աւարտին հասցնել։ Այնպէս  որ եկեղեցական հարցը իր կուսակցական կամ քաղաքական պարունակէն դուրս պէտք է մղուի։

      Եւ վերջապէս ես համոզուած եմ՝ նկատի ունենալով աշխահաքաղաքական բարդ իրավիճակները, նաեւ հայրենամերձ գաղութներու ուժականութեան թուլացումը եւ Սփիւռքի անզսպելի նահանջը, որ եկեղեցւոյ միութիւնը ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ է եւ այդ մէկը ժամանակի հարց է։ Այդպէս որ հին եւ տխուր էջերով սնուիլը ժամանակավրէպ է եւ կործանարար։

Լոս Անճելըս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին