Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Սարգսեան Եւ Փութին Անդրադարձան Արցախի Հարցի Կարգաւորման Գործընթացին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբերին, Քրեմլինի պալատին մէջ հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Բանակցութիւններու ընթացքին, ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ երկկողմ միջպետական կապերու յետագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող հարցեր:

Նախագահները անդրադարձան բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան՝ քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին:

Նախագահ Փութին այս հանդիպումին յայտարարեց, որ Հայաստանին կը վերադարձնէ գողցուած Վրուպելի նկարը:

Նախագահ Սարգսեան, նախագահ Փութինի հրաւէրով, աշխատանքային այցով նոյն օրը ժամանած էր Մոսկուա: Առաւօտեան, Հանրապետութեան նախագահը այցելած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան եւ Սուրբ Պայծառակերպութիւն Մայր տաճար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին