Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Նախագահներ Սարգսեան Եւ Փութին Մասնակցած են «Ռուսիոյ Մէջ Հայաստանի Մշակոյթի Օրեր»-ու Բացման Արարողութեան

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին Նոյեմբեր 15-ին Թրեթեաքովեան պատկերասրահին մէջ մասնակցած են «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»-ու պաշտօնական բացման արարողութեան:

Արարողութիւնը մեկնարկած է Մարտիրոս Սարեանի ցուցահանդէսով, ուր ներկայացուած են նկարիչի մօտ երեք տասնեակ աշխատանքներ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի, Երեւանի մէջ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի եւ Թրեթեաքովեան պատկերասրահի հաւաքածոներէն:

Այս առիթով Վլատիմիր Փութին Սերժ Սարգսեանին յանձնած է 1995 թուականին Հայաստանէն գողցուած նկարիչ Միխայիլ Վրուպելի «Դեւը եւ հրեշտակը Թամարի հոգիին հետ» կտաւը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին