Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Մեկնարկած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Նախաձեռնած «ՀՀ Նախագահի Երիտասարդական Մրցանակ» Բաց Մրցոյթը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի խորհրդական եւ ծրագրի պատասխանատու Աիդա Խաչիկեան «ԱՐՑԱԽՓՐԷՍ»-ի հետ զրոյցին ըսած է, որ մրցանակը հիմնուած է 2004 թուականին եւ կը տրուի իւրաքանչիւր տարի` ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող  արուեստի եւ գրականութեան բնագաւառներէն ներս ստեղծագործող երիտասարդ հեղինակներուն:

«Ծրագրի նպատակն է բացայայտել, խրախուսել եւ գնահատել հայ ապագայ մտաւորականութիւնը»,- ըսած է զրուցակիցը եւ աւելցուցած, որ մրցոյթը կ’իրականացուի  երեք փուլով, իսկ յաղթողը կ’ընտրուի փակ քուէարկութեամբ:

Նշենք, որ ՀՀ Նախագահի մրցանակը կը ֆինանսաւորէ «Պօղոսեան» հիմնադրամը (Պելճիքա-Զուիցերիա): Իբրեւ մրցանակ` կը  շնորհուին դափնեկիրի վկայագիր, կրծքանշան եւ դրամական պարգեւ` 2.500 ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամի չափով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին