Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Մելինէ Անումեան Կը Դասախօսէ Թուրքիոյ Մէջ Իսլամացուած Հայերու Մասին

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի գիտաշխատող, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեան Նոյեմբեր 13-ին, Կլենտէյլի կեդրոնական հանրային գրադարանի սրահին մէջ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու եւ հայախօս գնչուներու թեմայով: Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր Հայ իրաւանց խորհուրդի եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ “Ակունք”-ը

Բանախօսը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ Մեծ Եղեռնին յաջորդած տարիներուն հայերու բռնի ձուլման գործընթացը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացուած հայերու եւ հայախօս գնչուներու հարցերը՝ առաւելապէս կեդրոնանալով համշէնահայութեան հիմնահարցերուն եւ ինքնութեան հարցին:

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ 2015 եւ 2016 տարիներուն Համշէնի մէջ իր կողմէ կատարուած դաշտային ուսումնասիրութիւններուն՝ սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող արդիւնքներուն, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ Արտուին եւ Ռիզէ նահանգներուն մէջ բնակող համշէնահայերուն ու հայախօս գնչուներուն:

Մ. Անումեան Լոս Անճելըսի մէջ հանդէս պիտի գայ երկու այլ դասախօսութիւններով, որոնցմէ մէկը՝ Համշէնի եւ համշէնահայութեան մասին, որ տեղի  ունեցաւ երէկ 16 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ, իսկ երկրորդը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը երիտթուրքերու դատական վաւերագրերուն մէջ» թեմայով, որ տեղի պիտի ունենայ 20 Նոյեմբերին, Փասատինայի ԹՄՄ Պեշկէօթիւրեան սրահին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին