Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Մանկական Եւրոտեսիլ 2017» Մրցոյթի Հայաստանի Մասնակից Միշան

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ամէն տարի կը հանդիպի Եւրոտեսիլ երգի մրցոյթի Հայաստանի մասնակիցներուն: Նախարարը երէկ` Նոյեմբեր 16-ին, ընդունեց «Մանկական Եւրոտեսիլ-2017» երգի միջազգային մրցոյթին այս տարի Հայաստանը ներկայացնող 9-ամեայ Միշան (Միքայէլ Գրիգորեան):

«Մեզի համար պատիւ է, որ Միշան պիտի մեկնի եւրատեսիլ եւ պիտի ներկայացնէ իր հայրենիքը: Փառք ու պատիւ իր ծնողներուն, որ նման տաղանդաւոր զաւակ լոյս աշխարհ բերած եմ: Ես առիթ ունեցած եմ լսել իր կատարումները, երբ ան դեռ չորս տարեկան էր:  Ան իր էութեամբ եռանդուն է ու սէր  եւ ունի արուեստը հասկանալու կարողութիւն»,-նշեց նախարարը:

Հրանոյշ Յակոբեան Միշային մաղթեց յաղթանակ,  նաեւ յայտնեց, որ ողջ հայութիւնը կ’աջակցի անոր ու կը սպասէ յաղթանակին:

Այն հարցին, թէ ի՛նչ կը մաղթէ Միշան աշխարհին` փոքրիկ երգիչը պատասխանեց, որ իրեն համար ամենակարեւորը աշխարհի խաղաղութիւնն է, որ որեւէ  երկրի մէջ պատերազմ չըլլայ:

Մէկ անգամ եւս յաջողութիւն մաղթելով «Մանկական եւրոտեսիլ 2017»-ի մասնակիցին` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր նուիրեց ջութակ եւ «Աշխարհի հայ երաժիշտները» գիրքը:

Հանդիպման աւարտին Միշան կատարեց «Ղարաբաղի հորովել» եւ «Բումերանգ» երգերը:

Նշենք, որ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2017»-ը կ’իրականացուի 15-րդ անգամ` “Shine Bright” («Շողայ պայծառ») նշանաբանի ներքոյ: Բացի Հայաստանէն՝ կը մասնակցին եւս 15 երկիրներու ներկայացուցիչներ` Ալպանիա, Աւստրալիա, Պելառուս, Կիպրոս, Իրլանտա, Իտալիա, Մաքետոնիա, Մալթա, Հոլանտա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Լեհաստան, Սերպիա, Փորթուկալ եւ մրցոյթը հիւրընկալող երկիրը` Վրաստան:

Հայաստան Մանկական Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին կը մասնակցի 2007 թուականէն: 2010 թուականին Վլատիմիր Արզումանեանի գրանցած յաղթանակը հնարաւորութիւն ընձեռեց մրցոյթը 2011 թուականին հիւրընկալել Հայաստանի մէջ:

Եւրոտեսիլի հայաստանեան պատուիրակութիւնը կը մեկնի Թիֆլիս Նոյեմբեր 19-ին: Միշան կը կատարէ «Բումերանգ» երգը, որուն երաժշտութեան հեղինակը Վահրամ Պետրոսեանն է, խօսքերու հեղինակներն են` Աւետ Բարսեղեան, Դաւիթ Ծերունեան, Արթուր Աղեկեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին