Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

ՀՀ Զինուած Ուժերը Ձեռք Բերած է «Իգկա-Ս» Դիւրակիր Զենիթահրթիռային Համալիրներու Մեծ Խմբաքանակ

Զինուած ՀՕՊ զօրքերու պետի տեղակալ-վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Արթուր Պօղոսեան ՀՀ ՊՆ «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթի հետ զրոյցին ըսած է. «Համալրումը զգալի է: Ան կ’ապահովէ կրակի բաւականին մեծ խտութիւն: Նաեւ այս միջոցի շնորհիւ ստեղծուած է ամուր հակաուղղաթիռային համակարգ: «Իկլա-Ս»-ը  լաւագոյնն է իր դասի մէջ:  Ան կը տարբերակէ զանազան տիպի խանգարումներ, մարտական գլխիկը բաւականին զգայուն է եւ կրնայ  յայտնաբերել նաեւ փոքր ջերմութեան աղբիւր հանդիսացող անօդաչու թռչող սարքերը»:

Արթուր Պօղոսեանի խօսքով, «Իկլա-Ս»-ն օժտուած է հրթիռի մեծ հեռահարութեամբ եւ թիրախի խոցման մեծ հեռաւորութեամբ, զգալի է նաեւ հրթիռի մարտական մասի զանգուածը, ինչի շնորհիւ բարձր է թիրախի ամբողջական ոչնչացման հաւանականութիւնը:

«Մեր ձեռք բերած «Իկլա-Ս» համալիրները նոր են, եւ երկար տարիներէ ի վեր որեւէ խնդիր  չենք ունենար, որոնք  պատրաստ են խնդիրը լուծելու  նոյնիսկ գիշերային պայմաններու մէջ, քանի որ համալրուած են «Մաուկլի»  նշանոցով»,-նշած է գնդապետ Պօղոսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին