Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Մարտավարական Զօրավարժութիւն Իրականացած է

Հրետանային ստորաբաժանումներու հրամանատարներու եւ վարչութեան սպաներու մարտական պատրաստութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ անձնակազմին նոր հմտութիւններ ու որակներ հաղորդելու նպատակով՝ Նոյեմբեր 15-ին, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած հրետանային զօրամասերէն մէկուն մէջ՝ զօրաբաժանման կազմով իրականացած է մարտավարական զօրավարժութիւն` մարտական կրակի կիրառումով:

Արցախի ՊՆ-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ զօրավարժութիւններուն հետեւած է ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զօրավար-սպայապետ Լեւոն Մնացականեանը:

Զօրավարժութեան ընթացքին՝ պայմանական մարտադաշտի վրայ խաղարկուած են հակառակորդի յանկարծակի յարձակումը ետ մղելու գործողութիւններ, Դ-20 տեսակի հրանօթներէ իրականացուած է ուղիղ նշանառութեամբ կրակ:

Զօրախաղերուն ընթացքին արձանագրուած արդիւնքները պարզորոշած են, որ մասնակից անձնակազմը պատրաստ է իրական մարտադաշտի վրայ եւս բարձր մակարդակով կատարելու իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին