Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքի շնորհանդէսը: Գիրքը Հայաստան բերուած է սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար: Ձեռնարկին ներկայ էին գիրքի հայերէն տարբերակի հեղինակներ Արաբական Ծոցի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Հրայր Ճեպեճեան, դոկտոր Արտա Ճեպեճեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան, հայաստանեան կառոյցի ներկայացուցիչներ, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախագահ Ճորճ Բարսեղեան, սուրիահայ ընտանիքներ, հիւրեր:
Ողջունելով ներկաները` ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց գիրքի լոյս ընծայումը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը Հայաստանի մէջ եւս աշխուժօրէն կը գործէ: Համոզուած եմ, որ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» հայ ընտանիքի մէջ մանուկներու քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւոր միջոց է»:
«Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքի մասին իրենց դիտարկումները ներկայացուցին եւ արժեւորեցին ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի Սփիւռք գիտա-ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր, գրականագէտ, գրաքննադատ Սուրէն Դանիէլեան, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» Հկ-ի նախագահ Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեան, ԱԱՄԸ-ի Երեւանի Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Յովիկ Յովսէփեան:
Գիրքի ստեղծման աշխատանքներուն եւ նպատակներուն մասին խօսեցաւ Հրայր Ճեպեճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան ու Աւետարանչական ընկերակցութեան աջակցութեան համար եւ նշեց, որ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» արդէն հասած է Լիբանանի հայ ընտանիքներուն, շուտով կը հասնի նաեւ Հալէպ: «Շնորհակալ եմ, որ կրցայ գիրքէն խմբաքանակ մըն ալ հասցնել Հայաստան, սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար» – աւելցուց ան: