Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Մեկնարկած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Աշխատանքային Այցը Ռուսիոյ Դաշնութիւն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով աշխատանքային այցով այսօր ժամանած է Մոսկուա: Առաւօտեան Հանրապետութեան նախագահը այցելած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան եւ «Սուրբ Պայծառակերպութիւն» Մայր տաճար: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի կապի վարչութիւնը:

Մոմավառութենէն եւ գովաբանական աղօթքին մասնակցելէն ետք, նախագահ Սարգսեան թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի, համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանէն ժամանած մշակութային գործիչներու ուղեկցութեամբ դիտած է եկեղեցական համալիրի տարածքին ներկայացուած ժամանակակից հայկական խաչքարերու ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած են քանդակագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հեղինակած շուրջ երկու տասնեակ խաչքարեր:

Այնուհետեւ նախագահը եկեղեցական համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ դիտած է «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»-ու ծիրէն ներս բացուած` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի հիմնադրման 300-ամեակին նուիրուած «Պիպլիական երկիր Հայաստան» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ ունի երկու մեծ թեմատիկ բաժիններ` Հայաստանի պատմութիւնը պրոնզէ դարէն մինչեւ Ուրարտու եւ քրիստոնէութեան ընդունումէն մինչեւ մեր օրերը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են եկեղեցական պարագաներ, հնագոյն ձեռագիրներ, հին դրամներ եւ յուշամետալներ, եզակի գտածոներ, հայ նշանաւոր նկարիչներու կտաւներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին